
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի եւ Մարսէյի Ճեմարանի աւարտական դասարաններու ֆրանսական պաքալորէայի ներկայացած բոլոր աշակերտները յաջողած են, մեծամասնութիւնը՝ յիշատակութիւններով. Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան՝ 1 շատ լաւ՝ դատակազմի յատուկ գնահատականով, 2 շատ լաւ, 6 լաւ, 12 բաւական լաւ: Մարսէյի Ճեմարան՝ 4 շատ լաւ, 4 լաւ, 4 բաւական լաւ:
Կը շնորհաւորենք համազգայինի Ճեմարաններու շրջանաւարտները, ծնողները եւ անձնակազմերը:
