Համազգայինի Մարսիլիոյ Ճեմարանի տարեկան ընթրիքը տեղի ունեցաւ 12 Յունիս, 2009-ին, նախագահութեամբ Այբ ՖՄ-ի տնօրէն Հանրի Փափազեանի, բարձր հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Նորվան եպս. Զաքարեանի, պարոններ Միշել Վոզելի ( ԲԱԳԱ-ի Շրջանային Խորհուրդի նախագահ), Ժան Նոէլ Կերինիի (Պուշ Տիւ Րոն նահանգի խորհուրդի նախագահ) եւ Ժան Քլոտ Կոտէնի (Մարսէյի քաղաքապետ):
Ընթրիքին մասնակցեցան 216 հրաւիրեալներ, որոնց թուին նաեւ՝ Տիկին Ռաքէլ Տինք:
Ճեմարանի խնամակալութեան կողմէ խօսք առին Սիմոն Մնակեան եւ Պրիժիթ Մարկոյեան: Ժան Նոէլ Կերինի վերահաստատեց իր խոստումը, թէ Պուշ Տիւ Րոն նահանգի խորհուրդի նախագահութիւնը կը տրամադրէ մէկ միլիոն երեք հարիւր հազար եւրոյի գումար մը Ճեմարանի նոր մարզադաշտի կառուցման համար: Միշել Վոզելի ներկայացուցիչ Կարօ Յովսէփեան իր կարգին խոստացաւ Շրջանային Խորհուրդին կողմէ նիւթական աջակցութիւն (առանց թիւ յայտարարելու) նոյն նպատակին համար:
Ընթրիքին հասոյթը՝ մօտ 59 հազար եւրօ եւ քիչ մըն ալ աւելի (նկատի ունենալով որ նուիրատուութիւններ կը կատարեն նաեւ բացականեր), ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Համազգայինի Մարսիլիոյ Ճեմարանին: