
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը կը շարունակէ աճիլ եւ հզօրանալ: Արդարեւ Համազգայինի ընտանիքին միացաւ շրջան մը եւս: Ուրբաթ, 11 Նոյեմբեր 2016-ին Քուէյթի մէջ հիմնուեցաւ Համազգայինի Մեկուսի Կազմը։
Հիմնադիր ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին 75 խանդավառ ազգայիններ, որոնք Համազգայինի նոր կազմին մաս կազմելու փափաք յայտնած էին: Կեդրոնական Վարչութեան խօսքի ունկնդրութենէն ետք ժողովականները գործունէութեան մարզերու եւ ծրագիրներու առաջարկներ ներկայացուցին: Ապա ընտրուեցաւ եօթը ընկեր-ընկերուհիներէ կազմուած վարչութիւն: Վարչութիւնը, անմիջապէս գումարելով իր անդրանիկ վարչական ժողովը, կատարեց դիւանական պարտականութիւններու ճշդումը: Նորընտիր վարչութիւնը ունի հետեւեալ կազմը.
Ատենապետ՝ Տօքթ. Մեսրոպ Թասլաքեան
Ատենադպիր՝ Մայտա Մովսէսեան
Գանձապահ՝ Հուրի Պէրպէրեան
Հաշուապահ՝ Կարօ Տժգունեան
Խորհրդականներ՝ Արտա Ճէպէճեան, Պերճ Շահպազեան եւ Ալվարդ Պապլանեան։
Յաջողութիւն կը մաղթենք Քուէյթի Մեկուսի Կազմին եւ իր նորընտիր վարչութեան։
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն
25 Նոյեմբեր 2016, Պէյրութ