
Մոնթեպելլոյի Հայ Կեդրոնին մէջ, 19 Յունուար 2024-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մոնթեպելլոյի «Մուշեղ Իշխան» մասնաճիւղին կազմակերպած եւ լիբանանահայութեան նուիրուած ձեռնարկը:
Ձեռնարկին ներկայ էին մօտաւորապէս 80 բարեկամներ, համակիրներ եւ համազգայնական ընկեր-ընկերուհիներ: Մասնաճիւղիս ատենապետուհի Զեփիւռ Հարպոյեան Սէրչէեան բարի գալուստ եւ բարի ժամանց մաղթեց ներկաներուն՝ կատարելով ձեռնարկին բացումը: Ապա վարչական անդամներէն Շաղիկ Արթինեան ներկայացուց հանդիսութեան երկու բանախօսները՝ վաստակաշատ ուսուցչուհի Զեփիւռ Օհաննէսեանը եւ հանրածանօթ բեմադրիչ Արա Մածունեանը, տալով անոնց հակիրճ կենսագրականները: Երկու բանախօսները ծնած եւ հասակ առած են մեր սիրելի Պուրճ Համուտի մէջ:
Զեփիւռ Օհաննէսեան ներկայացուց լիբանանահայ գաղութին անցեալը եւ ներկան, բացայայտելով եւ փոխանցելով լիբանանահայութեան անցեալին մասին նորութիւններ, զորս ան պրպտած եւ հաւաքած էր լիբանանեան շարք մը աղբիւրներէ: Ցաւալի էր սահիկներու ցուցադրութեամբ տեսնել գաղութին վիճակագրական ներկայի նօսրացած տուեալները:
Արա Մածունեան Պուրճ Համուտի մասին վաւերագրական կարճ շարժապատկերի մը միջոցաւ անդրադարձաւ գաղութին կազմաւորման աշխատանքներուն մասին՝ Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն հիւղաւաններուն աննպաստ պայմաններէն սկսեալ։ Ապա ան բացատրեց, թէ անոնք իրենց կեանքերը բարելաւելով եւ կազմաւորուելով՝ ինչպէս դարձան Սփիւռքի ամէնէն զօրաւոր գաղութներէն մէկը՝ անշուշտ մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը:
Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին երգիչ Մանուէլ Մէնէշեան՝ թմբուկի ընկերակցութեամբ Անի Մէյմարեանի. ան երգեց քանի մը հայերէն եւ արաբերէն երգեր: Նաեւ, Շաղիկ Արթինեան կլանեց ներկաները իր հայկական նազելի մենապարով:
Հաւաքին ամէնէն ոգեւորիչ պահերէն մէկը եղաւ Freedom Dance Group-ին խանդավառութիւն ստեղծող լիբանանեան գեղեցիկ պարերու ներկայացումը եւ իրենց ընկերացող արաբական երաժշտութիւնը, որուն ներկաները չդիմանալով փութացին շուրջպար կազմել եւ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծելով՝ հաճելի ժամանց ունեցան:
Կ՛արժէ նշել, որ լիբանանեան համեղ ճաշերու մատակարարումը յանձնուած էր Մեսրոպեան Ազգային վարժարանէն շրջանաւարտ խոհարարուհի Նանօր Հարպոյեանին, որ կրցաւ ներկաներուն քիմքերուն համաձայն, համով-հոտով եւ իր ձեռքերով պատրաստուած ճոխ սեղան մը տրամադրել:
Վարձքը կատա՛ր բոլոր կամաւոր ընկեր-ընկերուհիներուն, որոնց սիրայօժար աշխատանքին արգասիքն էր սոյն ձեռնարկին յաջողութիւնը: Ներկաները բարձր տրամադրութեամբ եւ գոհունակ սիրտով մեկնեցան Հայ կեդրոնէն: