Չորեքշաբթի, 5 Մարտ 2008-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտները մասնակցեցան «Տխրունի» Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան կազմակերպած միջ-հայկական դպրոցներու ընդհանուր զարգացման մրցումին:
Իւրաքանչիւր դպրոց չորս ներկայացուցիչով կը մասնակցէր, 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններէն երկուքական աշակերտներով:
Մասնակիցները հերթականօրէն եւ գրաւոր կերպով պատասխանեցին հայկական, լիբանանեան, պատմական, աշխարհագրական, գիտական, մարզական, թարգմանչական, արուեստի, ուսանողութեան եւ ընդհանուր նիւթերու առնչուող հարցումներուն:
Մրցակցութիւնը սուր էր մասնակցող վարժարաններուն միջեւ: Մրցումի աւարտին յայտարարուեցան արդիւնքները. Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը գրաւեց առաջին դիրքը, Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանը՝ երկրորդ դիրքը, իսկ Հայ Կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան վարժարանը՝ երրորդ դիրքը:
Ախոյեան քառեակը (Ժանօ Քէքէճեան, Լորիկ Թասլաքեան, Աքասիա Փօլատեան եւ Սեպուհ Տօնիկեան) ստացաւ ոսկեայ յուշամետալ եւ բաժակ, ինչպէս նաեւ նիւթական պարգեւ: Երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացող վարժարանները ստացան պրոնզէ եւ արծաթէ յուշամետալներ եւ բաժակ: