
Շաբաթ, 7 Մարտ 2015-ին, Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Չալեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ 2013-2014 տարեշրջանի շրջանաւարտներու ընդունելութիւնը:
Շրջանաւարտներու Միութեան վարչութեան անդամ Արամ Սոմունճեան նոր սերունդին ներկայացուց Միութեան գործունէութիւնը, ապա իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ինքզինք ծանօթացուց ներկաներուն՝ նշելով իր ընտրած մասնագիտութիւնը կամ ասպարէզը:
Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ նոր սերունդին կնքահայրը՝ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան՝ իր խօսքը փոխանցելու շրջանաւարտներուն: Ան ըսաւ.
«Այսօր Ճեմարանի շրջանաւարտներուն համար յատուկ օր է: Անցեալ տարեշրջանի շրջանաւարտները այս համեստ հանդիսութեամբ պիտի ընդունուին Ճեմարանի շրջանաւարտից միութենէն ներս: Ինձմէ խնդրուեցաւ այս առիթով երկու խօսք ըսել: Իսկապէս՝ միայն երկու խօսք. «Բարի՛ եկաք Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութենէն ներս»: Բայց սովորութիւն է քիչ մը աւելի խօսիլը:
Յունական սփիւռքի առանձնայատկութիւնները զաւեշտային հնարքներով ներկայացնող ժապաւէնի մը մէջ սփիւռքայոյն աւանդապաշտ հայրը կը հաւատայ, թէ ամբողջ աշխարհը բաժնուած է երկու խումբի. առաջինը անշուշտ յոյներն են, իսկ մնացեալ մարդկութիւնը կը կազմէ երկրորդ խումբը. այսինքն՝ բոլոր անոնք, որոնք պիտի փափաքէին յոյն ծնած ըլլալ: Իսկ մեր հայկական շրջապատը կը մտածէ, թէ ճեմարանականն ալ մօտաւորապէս այդպիսի էակ մըն է. ան կը կարծէ, թէ աշխարհը կազմուած է ճեմարանականներէն եւ բոլոր մնացեալներէն՝ որոնք պիտի փափաքէին ճեմարանական եղած ըլլալ. իսկ եթէ երրորդ խումբ մըն ալ կայ, ատիկա ալ միայն ու միայն անոր բաղկացուցիչ տարրերու յանցանքն է: Ճի՞շդ է ասիկա: Անշուշտ ո՛չ, սակայն այսքանով պատմութիւնը չի վերջանար, քանի միեւնոյն ատեն իւրայատուկ կարծիքներ ունին երկրորդ խումբի ներկայացուցիչները առաջիններուն՝ ճեմարանականներո՛ւն մասին: Անոնք լրջօրէն կը կարծեն, թէ ճեմարանականները շփացած են, եսակեդրոն են, ցուցամոլ են, մեծամիտ են. թէ իրենք զիրենք ու իրենց հաստատութիւնը աշխարհի կեդրոնը կը կարծեն: Ճի՞շդ են այս կարծիքները: Անշուշտ ո՛չ, սակայն ամէն այս ձեւի կարծիքի՝ ինչպէս ամէ՛ն կատակի մէջ առարկայական ճշմարտութեան բաժին մը կայ: Ո՞րն է ճշմարտութեան այդ բաժինը, որ խորքին մէջ հիմնուած է որոշ թիւով դրական յատկանիշներու վրայ, որոնց ժխտական մեկնաբանութիւնը ատենին դրսեցիներուն վրայ թողած է համապատասխան տպաւորութիւն: