
Չորեքշաբթի, 29 Յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան, անձնակազմին, ծնողներուն, շրջանաւարտներուն եւ դպրոցի բարեկամներուն։
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդէսը սկսաւ Ճեմարանի պատմութեան ներկայացումով: «Ils sont tombés» երգին ընկերակցութեամբ պաստառի վրայ նահատակ մտաւորականներու նկարներու ցուցադրութենէն ետք, ԺԱ. դասարանի աշակերտներ Յակոբ Թաշճեան եւ Քրիստ Բրուտեան Ճեմարանի հիմնադիրներ Լեւոն Շանթի ու Նիկոլ Աղբալեանի ձայներով պատմեցին Հայոց ցեղասպանութեան իբրեւ արդիւնք տարագրուած հայութեան լեզուն, մշակոյթն ու ինքնութիւնը ամէն գնով պահելու տեսլականով 3 Մարտ 1930-ին հիմնադրուած Հայ Ճեմարանի պատմութիւնը: «Հայ Ճեմարանը գիտականօրէն դրուած է ընտանեկան հիմերու վրայ, ամէն կերպ կը ջանանք, որ դպրոցական կեանքը պաշտօնականի չվերածուի, որ աշակերտութեան եւ ուսուցչութեան փոխադարձ շփումն ու յարաբերութիւնը՝ թէ՛ արտաքուստ, թէ՛ ներքուստ հոգեբանօրէն ըլլայ ընկերական, պարզ ու բնական: Այս տեսակի վերաբերումը սակայն ոմանց համար իսկոյն ըմբռնելի չէ, որովհետեւ դպրոցի մասին իրենց ունեցած գաղափարէն քիչ մը կը շեղի»,- կ՛ըսէ Լեւոն Շանթ: 1935-ի շրջանաւարտներուն նկարը երեւցաւ պաստառին վրայ, այնուհետեւ ներկայացուեցաւ Ճեմարանի բարգաւաճումը, 27 Մայիս 1950-ին Նշան Փալանճեան Ճեմարանի պաշտօնական բացումէն մինչեւ այսօրուան Ճեմարանը: Ճեմարանի տնօրէններ Սիմոն Վրացեանը եւ Հրաչ Տասնապետեանը նոյնպէս իրենց պատգամներով մաս կազմեցին դպրոցի պատմութեան ներկայացման: