
Ծնողական Հաւաք`«Ելեկտրոնային Գործիքներն Ու Ընկերային Ցանցերը Աշակերտներուն Առօրեային Մէջ»
Ուրբաթ, 3 Մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ելեկտրոնային գործիքներն ու ընկերային ցանցերը մեր աշակերտներուն առօրեային մէջ» խորագիրով հաւաքը` ներկայութեամբ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն ծնողներուն:
Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ողջունեց ծնողները եւ բարձր գնահատեց անոնց գործակցութիւնը` միասնաբար քննարկելու ելեկտրոնային գործիքներու եւ ընկերային ցանցերու օգտագործումը աշակերտներուն համար դաստիարակիչ դարձնելու կարեւորութիւնը եւ սահմանափակելու անոր յոռի երեւոյթները:
Լսատեսողական մարզին մէջ մասնագէտ եւ ճեմարանի շրջանաւարտ Նժդեհ Մկրտիչեան, հիմնուելով հարցաթերթիկներուն մէջ ծնողներուն կողմէ նշուած ընկերային ցանցերուն եւ խաղերուն վրայ, նախ ներկայացուց այն չորս ընկերային ցանցերը, որոնք ամէնէն աւելի կը գործածուին աշակերտներուն կողմէ (Ֆէյսպուք, Ինսթակրամ, Սնեփչեթ եւ Թուիթըր), ապա յատուկ կերպով անդրադարձաւ նաեւ այդ խաղերուն. անոնց մասին կարճ տեսերիզներ ցոյց տալով` մատնանշեց, թէ ինչքա՛ն վայրագութիւն կը պարունակեն որոշ խաղեր:
Տեղեկատուական բաժինէն ետք, հարիւրապետ Ժոզեֆ Ղազիրի (ելեկտրոնային ծիրին մէջ մասնագէտ) արաբերէնով խօսեցաւ նիւթին ապահովական կողմին մասին: Ան բազմաթիւ օրինակներու միջոցով շեշտեց համացանցային վայրագ խաղերուն եւ ընկերային ցանցերուն ազդեցութիւնը մարդկային ուղեղին վրայ եւ բացատրեց, թէ այդ մոլութիւնները ո՛ւր կրնան հասցնել անհատը, եւ ինչպիսի՛ վտանգներ կան անոնց ետին:
Դպրոցի հոգեբան Նաթալի Այվազեան եզրափակեց նիւթը` զգուշացնելով մոլութենէն եւ թելադրեց ծնողներուն կարելի եղածին չափ ժամանակ անցընել իրենց զաւակներուն հետ:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: