Հոկտեմբերի հաճելի շաբաթավերջերէն մէկն էր, որ անկասկած մեր միութենական կեանքի ընթացքին հիւսուած յիշատակարանին մէջ իր յատուկ տեղը պիտի գրաւէ։
Գանատայի տօնացոյցին համաձայն, շաբաթավերջը կը զուգադիպէր գոհաբանական կամ՝ thanksgiving տօնին. իսկ մեր ազգին համար, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, հայոց պատմութեան ամենէն լուսաշող էջերէն մէկը։
Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան կողմէ բծախնդրօրէն մտածուած եւ կազմակերպուած յայտագիրը ծայր կ՚առնէ Շաբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2015-ի յետմիջօրէին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնէն ներս, Համազգայինի «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարանին մէջ։ Թեթեւ ուտելիքներով եւ կարկանդակներով զարդարուած սեղանին շուրջ կը հաւաքուին Մոնթրէալէն ու Թորոնթոյէն ժամանած հաւատաւոր ընկերներ, այս անգամ ժողովներու լուրջ ու կարգապահ մթնոլորտէն հեռու, ընկերային ջերմ խօսակցութիւններով տարուած։
Քիչ անց, Գլաձոր մասնաճիւղի ատենապետ՝ ընկհ. Մեղեդի Էթիեմեզեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Համազգայինի «Նուռ» ֆիլմի փառատօնի առաջնորդ՝ ընկ. Սեւակ Եղոյեան «Նուռ» ֆիլմի փառատօնի տասնամեայ գործունէութեան վրայ ակնարկ մը նետելէ ետք, կը ներկայացնէ բեմադրիչ՝ Jamie Day Fleckը, որուն վաւերագրական ֆիլմի՝ Photos by Kirk ցուցադրութիւնը մաս կը կազմէ յայտագիրին եւ որ նաեւ պիտի ցուցադրուի Նոյեմբերին, Համազգայինի Նուռ ֆիլմի փառատօնի ընթացքին։ Ներկաներս մեծ հետաքրքրութեամբ կը դիտենք ֆիլմը. նիւթը կը դառնայ հայոց Ցեղասպանութենէն ազատած, Bronx-ի թաղամասերուն մէջ իր կեանքը շարունակած ու մեծ համբաւի տիրացած լուսանկարիչ՝ Գուրգէն Յովսէփեանի շուրջ։ Լաւ պատրաստուած այս ֆիլմը անգամ մը եւս կ՚ապացուցէ հայու տաղանդը, վճռակամութիւնը եւ գոյատեւելու կամքը։ Բեմադրիչը կը բացատրէ թէ ընտանեկան բարեկամութեան իբր հետեւանք է որ մտադրեց Գուրգէն Յովսէփեանի մասին ֆիլմ պատրաստել։ Զրոյց մը ծայր կ՚առնէ եւ կծիկը մէկ առ մէկ քակելով այն եզրակացութեան կը յանգինք թէ բացայայտ է, որ լուսանկարչութեան մէջ հայը տիրապետած է միջին արեւելքէն մինչ այս ափերը։
Հակիրճ դադարէ ու ստամոքսները թարմացնելէ ետք, ընկ. Վրէժ-Արմէն Արթինեան կը վարէ շահեկան զրոյց մը «Կարելի՞ է թէ կարելի չէ» խորագրով։ Նիւթը կը կեդրոնացած է հայ մշակոյթին շուրջ։ Ընկ. Վրէժ-Արմէն իր զրոյցը բաժնած է երեք մասի – պահել, փոխանցել, զարգացնել - եւ իւրաքանչիւրին շուրջ հմտօրէն կը վարէ միտքերը շօշափող եւ գրգռող հարց-պատասխաններու շարք մը։ Ի հարկէ երբ կը խօսինք մշակոյթ, կը հասկնանք հայ մշակոյթը իր ամբողջութեամբ. սակայն, անխուսափելիօրէն բոլորին մտքին վրայ են առաջին հերթին՝ հայ լեզուն ու գրականութիւնը։ Ներկաները դիտել կու տան թէ ամենէն դժուար հարցը հայ լեզուի փոխանցումի հարցն է։ Կարծիքները ընդհանուր առմամբ այն տպաւորութիւնը կը ձգեն թէ պահպանել կը նշանակէ փոխանցել իսկ փոխանցելու համար զարգացնելը իր որոշիչ դերը կը խաղայ։ Իսկ գալով կարելիին թէ ոչ, անշուշտ «կարելի է» պիտի ըլլար պատասխանը. որովհետեւ անկարելիին դէմ ծառացած ու պայքարած ազգի մը զաւակներուն համար անկարելի բան չկայ երբ խնդրոյ առարկան հայ ազգի ու հայ մշակոյթի գոյատեւումն է։
Զրոյցէն ետք, խումբ առ խումբ կ՚ուղղուինք դէպի Անի ճաշարան։ Հարազատ մթնոլորտ մը կը տիրէ. պատերը հարուստ են հայկական գեղանկարչութիւններով, սրտերը ջերմացած են հարազատ ընկերներու ներկայութեամբ. կու գան աւելնալ համադամ ճաշերը, եւ տաղանդաւոր հայկական «ճազ» բնոյթի նուագախումբը կամ երրեակը՝ Liquid Trio Band, որ գեղեցկօրէն մեկնաբանուած երաժշտութիւններով ջերմ մթնոլորտը իր գագաթնակէտին կը հասցնէ։ Ոտքի են ընկերները ու բռնած են շուրջ պարը... սեղմ է վայրը սակայն ոչինչ. հայը ուր որ ալ ըլլայ, պարելու համար վայր մը ճարէ։ Խօսք կ՚առնէ Համազգային Գանատայի շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկհ. Ծովիկ Գահվէճեան, շնորհակալութիւն յայտնելով կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, իրենց նուիրումին եւ գաղափարը կեանքի կոչելու անդրդուելի կեցուածքին համար։ Կենացները կը շարունակուին. Սանահին մասնաճիւղի ատենապետ՝ Թամար Շահինեան Փօլատեան կը ներկայացնէ երրեակը, որ կազմուած է տաղանդաւոր ու հմուտ երաժիշտներէ։ Ապա, իր շնորհակալական խօսքը կ՚ուղղէ Գանատայի շրջանային վարչութեան, որ կրցաւ բոլորս համախմբել ընկերային մթնոլորտի շուրջ եւ հետաքրքրական ու այլազան, բարձրորակ յայտագիր մը կազմել, որուն յաջորդ հանգրուանն է Գանատայի գեղեցկագոյն վայրերէն՝ Niagara-on-the-Lake:
Կիրակի, 11 Հոկտեմբերի առաւօտեան, պայծառ արեւը մեզի ուղեկից՝ Հայ Կեդրոնի շրջափակէն կը մեկնինք դէպի Niagara Falls, առիթ ընծայելով մանաւանդ Մոնթրէալի մեր ընկերներուն, որպէսզի վայելեն աշխարհի հրաշալիքներէն մին։ Հազար ու մէկ լուսանկարներէ ետք որորապտոյտ արահետներէ, մին տերեւաթափ միւսը խիտ ու նարնջագոյն ծառերու միջով անցնելէ ու լուսանկարի առիթ մըն ալ օգտագործելէ ետք, կը հասնինք գողտրիկ ու հրապուրիչ Niagara-on-the-Lake կոչուած վայրը։ Յայտագիրը այնպէս մը համադրուած է, որ առիթ ունինք շրջագայելու, փոքր խանութներէն անցնելու ու պարզապէս լիովին ըմբոշխնելու Աստծմէ շնորհուած հրաշալի օրը, որ կը շարունակուի Peller Estates նշանաւոր գինիի գործարանին ու շուրջի այգեստանին մէջ։
Պարզ երկնքին տակ, գինիի կարասներուն շուրջ կը հաւաքուինք, պանիրի տեսակներն ու գինիի շիշերը սեղանին։ Կենացներու շարքը հոս ալ կը շարունակուի։ Կը լսենք տեղւոյն առաջնորդին կողմէ տրուած բացատրութիւնները զանազան գինիներու մասին, ներառեալ՝ նշանաւոր icewine-ը, կը շրջագայինք այգեստանին մէջ, կը զմայլինք խաղողի ողկոյզներուն վրայ ու կը հիանանք պարոն Peller-ի հեռատեսութեան վրայ. բժիշկ մը, որ գինիի մասին գաղափար իսկ չունէր, բայց տարիներ առաջ տեսաւ առիթ մը եւ ճիշդ անձերը քով քովի բերելով հիմնեց այս հաստատութիւնը, որ այսօր հռչակաւոր դարձած է իր որակաւոր արտադրութիւններով։
Տրամադրութիւնները բարձր են. սակայն ստամոքսները՝ անօթի։ Յաջորդ հանգրուանը՝ The Old Winery տպաւորիչ ճաշարանի յատկապէս մեզի համար ի պահ դրուած բաժինը մեզ կը սպասէ։ Կարմիր պատերը առաւել եւս կը տաքցնեն գլուխներն ու սրտերը։ Համադամ ճաշերուն շուրջ, մասնակիցները իրենց հիացումը կ՚արտայայտեն մեր այցելած վայրերուն, ցարդ գործադրուած բարձրորակ յայտագրին եւ կազմակերպչական բծախնդրութեան շուրջ. արդէն իսկ, յաջորդ համախմբումին նիւթը կը բացուի։ Սակայն հոն չհասած՝ թատերական ներկայացումը կը հանդիսանայ յայտագիրին վերջին բաժինը։
Shaw Festival-ի գլխաւոր թատերասրահին մէջ, հաճոյքով կը դիտենք մեծ համբաւի տիրացած երաժշտախառն բեմադրութիւնը՝ Sweet Charity. Ու այսպիսով, երկու երազային օրերը իրենց մէջ պարփակելով խինդ ու ծիծաղ, պտոյտ, մշակոյթ ու բազմաթիւ կենացներ, յիշարժան պահեր կը հրամցնեն բոլորին։ Կենացդ՝ ի վերջոյ, Համազգային, սիրելիս, որ ի հեճուկս ամէն դժուարութեան, ահաւասիկ գրեթէ 88 տարիներէ ի վեր, կը շարունակես անվարան գործել, ի խնդիր՝ հայ մշակոյթի յաւերժացման։
Թամար Տօնապետեան Գուզուեան