Շաբաթ, 29 Յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Նիկոսիայի «Նարեկ» Վարժարանի սրահին մէջ, Համազգայինի «Հեքիաթ» Թատերական Աշխատանոցի սաները ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներէն փունջ մը, «Թումանեանական Պատկերներ» անունին տակ։
Այս ներկայացումով, Թատերական Աշխատանոցը բոլորեց իր երկրորդ տարին, եւ հանդիսատեսներուն կողմէ նշմարելի էր պատանի դերակատարներուն յառաջդիմութիւնը։ Հանրածանօթ բեմադրիչ Վաչէ Տօներեանի ղեկավարութեամբ, անոնք ներկայացուցին եօթը պատկերներ՝ «Տէրն ու Ծառան», «Սուտլիկ Որսկանը», Անխելք Մարդը», «Բարեկենդանը», «Խելօքն ու Յիմարը», «Սուտասանը» եւ «Կիկոս», ներկաները փոխադրելով թումանեանական հեքիաթային աշխարհ։
Քաջալերուած այս յաջող ելոյթէն ու մանաւանդ՝ մեր պատանիներուն ձեռք բերած արդիւնքէն, Վարչութիւն եւ գործակիցներ՝ վճռեցին ամէն գինով ու հակառակ դժուարութիւններուն, գալ տարի եւս շարունակել Աշխատանոցին երթը։