Համազգայինի Նիկոսիայի մեկուսի մասնաճիւղի 24-րդ տարեկան Ընդհանուր Ժողովը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2024-ին ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի ակումբին մէջ։
Քննելէ ետք նախորդ տարուան գործունէութիւնը, Ընդհանուր Ժողովը գտաւ որ շրջանաւարտ Վարչութիւնը յոյժ գնահատելի աշխատանք տարած է մասնաճիւղի գործունէութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ, յատկապէս՝ Լիբանանէն «Գուսան» երգչախումբին հետ միասնաբար իրականացած պարախումբերու տարեկան ելոյթին, եւ «Թատերական Աշխատանոց»ին գործունէութեան կապակցութեամբ։
Շրջանի վերամշակուած ներքին կանոնագրի հաստատումէն ետք, Ընդհանուր Ժողովը որոշեց նաեւ Լիմասոլի մէջ կազմել նոր մասնաճիւղ՝ լիմասոլաբնակ անդամներու դիմումին վրայ։
Անդամական Ընդհանուր Ժողովը՝ Պարախումբերու, թատերական աշխատանքներու, Մշակութային Երեկոներու եւ Լիմասոլի, Պաֆոսի ու Լառնաքայի համայնքներուն մէջ աշխատանք տանելու եւ երիտասարդութեան ներգրաւման առաջադրանքով առաւ համապատասխան որոշումներ։
Ժողովի վերջաւորութեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ վարչութիւն, բաղկացած հետեւեալ ընկերներէն. Ճորճ Թորոսեան (Ատենապետ), Արմէն Պագգալեան, Արթօ Դաւիթեան, Սիւզաննա Նազարեան եւ Զաւէն Պաքալեան: