Մեր օրերուն, բոլորս ամենուր կ'ապրինք տաժանելի կացութիւններ, յատկապէս թագաժահր համավարակի պարտադրած արգելքները, իսկ Լիբանանի պարագային, 4 Օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ ծագած աղէտն ու անոր հետեւանքները։ Այս պայմաններուն մէջ, Համազգայինը չէ դադրեցուցած իր մշակութային եւ կրթական գործունէութիւնը, շնորհիւ մեր Շրջանային Վարչութիւններու, Մեկուսի կազմերու, մասնաճիւղերու, գեղարուեստի դպրոցներու եւ Ճեմարաններու անդուլ եւ նուիրական ճիգերուն։
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ այսօր հանդէս կու գանք նոր նախաձեռնութեամբ մը, մէկ կողմէ մեր մշակութային երթը վառ պահելու եւ միւս կողմէ՝ պատուելու հայ մեծանուն գրող, բանաստեղծ եւ կրթական մշակ Մուշեղ Իշխանը, որուն մահուան 30-ամեակն է այս տարի:
Արդ, աշխարհասփիւռ հայ հանրութեան կը ներկայացնենք հայկական երգացանկին վրայ մեր յաւելումը, որ իրականացաւ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն հայ արուեստագէտներու համախմբումով։ Միասնական այս աշխատանքին արդիւնքը եղաւ Մ. Իշխանի «Հայ հոգին» բանաստեղծութեան երգի վերածումը, յօրինումով հայրենի երաժիշտ Արմէնուհի Կարապետեանի եւ կատարումով 26 հանրածանօթ երգիչներու եւ երաժիշտներու, 17 երկիրներէ։ Առանց անոնց սիրայօժար մասնակցութեան, մեր նախաձեռնութեան իրականացումը անկարելի պիտի ըլլար։
Այսօր երգն ու անոր տեսերիզը պատրաստ են եւ անոնց անդրանիկ հրապարակումը տեղի պիտի ունենայ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին կազմակերպած «Քեզի համար Լիբանան» առցանց երաժշտական յայտագիրէն, Շաբաթ 19 Սեպտեմբեր 2020-ին, Քալիֆորնիոյ ժամով երեկոյեան ժամը 7:00-ին։
Մ. Իշխանի հայկական էութիւնը սահմանող բանաստեղծութեան երաժշտական տարազ տալով, վստահ ենք, որ յիշարժան բանաստեղծն ու այս նոր երգը հայ իրականութեան մէջ պիտի ապրին երկար։
Անգամ մը եւս հրապարակաւ մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք բոլոր արուեստագէտներուն, որոնք արձագանգեցին մեր հրաւէրին եւ նուիրումով մասնակցեցան այս ծրագրի իրականացման աշխատանքին:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն