Համազգայինի «Ն․ Աղբալեան» մասնաճիւղի Էսդրատային նուագախումբը կրկին ի մի բերած էր երիտասարդ արուեստասէրներ՝ այս անգամ համերգով մը մեծարելու համաշխարհային համբաւ վայելող երգիչ, երգահան եւ դերասան Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակը, երգելու անոր երգերը, վայելելու անոր եզակի արուեստին հմայքը եւ ծանօթանալու Ազնաւուրի կեանքի ուղիներուն։
Համերգը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին։ Համերգի կազմակերպչական աշխատանքը տարած էր մասնաճիւղի Երաժշտական յանձնախումբը։
Երեկոյթին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդի ներկայացուցիչ հոգշ․ Տէր Արմէն Աբղ․ Գալաճեան, Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հոգշ․ Տէր Կոմիտաս Վրդ․ Տատաղլեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան մեթր Մարիա Գաբրիէլեան, ՀՀ Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, Ազգ․ իշխանութեան, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ երաժշտասէր բազմութիւն մը։
Հայերէն բացման խօսքով Սարին Պօղոսեան ըսաւ. «Համազգայինի «Ն․Աղբալեան» մասնաճիւղի էսդրատային խումբը իր համերգը նուիրեց Ազնաւուրին, որպէսզի բոլորս բաժնենք այն մեծ ժառանգութիւնը, որ մեզ թողուց իբրեւ հայ ժողովուրդի եւ համաշխարհային երաժշտութեան անմար աստղ։ Այս երեկոյ, վայելելով Ազնաւուրի սրտառուչ երգերը, եկէ՛ք շնորհակալ ըլլանք անոր, աշխարհի բոլոր բեմերուն վրայ մեզ հայ պահելուն համար»։
Արաբերէն բացման խօսքով Սարօ Ղազարեան ըսաւ, որ Ազնաւուր անկրկնելի արուեստագէտ մը եղաւ։ Ան տարբեր առիթներով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նաեւ Սուրիոյ Հանրապետութեան՝ հայութիւնը գրկաբաց ընդունելուն եւ անոր կենսունակութեան եւ գոյատեւման անհրաժեշտ պայմաններն ու միջավայրը ստեղծելուն համար։
Բեմի վարագոյրը բացուեցաւ ու հանդիսականներուն ներկայացաւ մասնաճիւղի Էսդրատային նուագախումբը, ղեկավարութեամբ բժիշկ Ռաֆֆի Ապէճեանի։ Խումբը կը բաղկանար լարային, հարուածային եւ փողային գործիքներ նուագող երիտասարդներէ, իսկ մենակատարները կ՛ապրեցնէին իւրաքանչիւր երգի շունչն ու ոգին։
Օրուան հանդիսավար Վանայ Պարմաքսըզեան Ազնաւուրի կենսագրական հակիրճ գիծերը ներկայացնելէ ետք, մերթ ընդ մերթ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը հրամցնէր իւրաքանչիւր երգի մասին։