Միջին Արեւելք

Երկուշաբթի, 16 Յունիս 2025-ին երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Ս. Ներսէս Շնորհալի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Քուէյթի Համագայինի Շաքէ պարախումբի «Շող» եւ «Վերելք» խումբերու վերջին փորձը ղեկավարութեամբ պարուսոյց Մարիէլա Թեմամեանի եւ ներկայութեամբ Հ. Հ. Դեսպանին, պրն. Հիւպատոսին, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ աշակերտներու ծնողներուն։ Փորձի աւարտին, աշակերտներուն բաշխուեցան գնահատագիրներ։