
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Պէյրութի գրասենեակին, 21 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան, մասնակցութեամբ Համազգայինի հովանիին տակ գործով չորս կրթական հաստատութիւններու տնօրէններուն, տեղի ունեցաւ միացեալ հանդիպում մը։ Հանդիպումը կը վարէր Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ Թամար Տէր Պետրոսեան։
Մասնակից վարժարաններն էին` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը, յանձինս՝ տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի, Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանը, յանձինս՝ տնօրէն Շաքէ Ժամկոչեանի, Սիտնիի Ա. եւ Ս. Գոլստըն Ճեմարանը, յանձինս՝ տնօրէն Էտի Տեմիրճեանի եւ Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ Նշան Պասմաճեանի եւ Իսի Լէ Մուլինոյի (Ֆրանսա) Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանը, յանձինս՝ հայերէնի պատասխանատու եւ ուսուցիչ Թամար Փանոսեանի։
Թամար Տէր Պետրոսեան յայտնեց, որ Համազգայինի չորս կրթական հաստատութիւններու տնօրէններու հանդիպումը կը միտի ծանօթանալ իրարու եւ համակարգել միասնական ծրագիրներ։ Ան խօսքը փոխանցեց իւրաքանչիւր տնօրէնի, որոնք իրենց կարգին զեկուցեցին իրենց վարժարանի աշակերտութեան թիւի, ունեցած յաջողութիւններուն եւ դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։
Արին Գալուստեան յայտնեց Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ հրապարակած դասագիրքերուն մասին, որոնք արդէն հասանելի են վարժարաններուն։
Աւարտին, մասնակիցները արտայայտեցին իրենց գոհունակութիւնը այս շինիչ հանդիպումին համար: Ներկայացուեցան զանազան առաջարկներ, որոնք մէկ առ մէկ պիտի քննուին յառաջիկայ հանդիպումներուն։