Հայկական պարարուեստը կը շարունակէ ներշնչել մեր գաղութի պատանի եւ երիտասարդ տարրերը, որոնք Համազգայինի «Նայիրի», «Նանօր» եւ «Մարալօ» պարախումբերուն անդամակցելով, հանրութեան կը նուիրեն հայ ժողովրդային մշակոյթի գեղեցիկ նմուշներ։
Այսպիսի առիթ մը եղաւ Կիրակի, 29 Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան իրագործուած ելոյթը Նիքէայի մէջ, որուն ընթացքին յոյն հանդիսատեսները ծանօթացան հայկական պարային արուեստին եւ մեծապէս գնահատեցին մեր պատանիները։ «Նանօր» միջին տարիքի երկսեռ խումբը, պարուսուցութեամբ գլխաւոր պարուսոյց Էտկար Էկեանի եւ պարախումբի պատասխանատու ուսուցող Աննա Պօղոսեանի, հրամցուց հինգ հայկական պարեր Նիքէայի Այիոս Նիքոլաոս հրապարակին վրայ։
Նիքէայի քաղաքապետարանին կողմէ տօնական օրերուն նուիրուած ելոյթներու շարքէն ներս, գործակցութեամբ շրջանի Հ.Յ.Դ. «Վարանդեան» կոմիտէին եւ Համազգայինի պարի միաւորին, Կիրակի երեկոյեան ելոյթի մէկ մասը յատկացուած էր հայկական մշակոյթին։