
Հայկական պարարուեստը ազգային մշակոյթի կենդանի արտայայտութիւնն է, որ կը ցոլացնէ մեր ժողովուրդին ինքնութիւնը, դարերու պատմութիւնը եւ հայեցի կեանքի առօրեայ արժէքները: Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Քաթրին Հայրապետեան, պարուսոյց՝ Արի Լիպարիտեան եւ «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութիւնը երկար տարիներէ ի վեր հնարաւորութիւն կու տան մեր մանուկներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն՝ կապ հաստատելու իրենց արմատներուն հետ, հասկնալու մեր պարերու իւրայատկութիւնը եւ հարթակ ստեղծելու մեր աւանդական պարերը ներկայացնելու:
Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբի տարեկան ելոյթը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 10 Նոյեմբեր 2024-ին, CSUN Plaza Del Sol համերգասրահին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով հանդիսատեսներու:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: