
14 Ապրիլ 2018-ին հանդիսաւոր կերպով բացուած Համազգայինի «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրը արդէն իսկ տուաւ իր առաջին հունձքը` անմեղութիւն բուրող եւ տարուած աշխատանքին խօսուն մէկ պատկերը հանդիսացող նախաձեռնութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ծաղկաձորի մէջ գտնուող մանկամսուրի շրջափակին մէջ:
Ներկաները ողջունեց «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի պատասխանատու Լոռի Սնապեանը, որ տեղեկացուց, թէ 36 փոքրիկներ արդէն իսկ կ՛աւարտեն մանկամսուրը եւ վերամուտին իրենց քայլերը պիտի ուղղեն դէպի մանկապարտէզի Վարդագոյն դասարան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան մանկամսուրին եւ անոր անձնակազմին, որ ականատես եղաւ մանուկներուն ֆիզիքական եւ մտային զարգացման, անոնց համար ստեղծեց խաղի ապահով ու ուրախ միջավայր մը:
Լ. Սնապեանը շեշտեց, որ մանկամսուրին նպատակը այբուբեն եւ թիւեր սորվեցնելը չէ, որովհետեւ այդ բոլորը պիտի կատարուին մանկապարտէզին մէջ, այլ իրենց նպատակն է զարգացնել եւ ամրապնդել այն բոլոր հմտութիւնները, որոնք պիտի կազմաւորեն փոքրիկը, որպէսզի ան յաջողի իր ընկերային կեանքին մէջ: Ան նշեց, որ այս տարիքի երեխաներուն սորվելու նախասիրած ձեւը խաղն է, դիտել տալով, որ մասնագիտականօրէն սերտուած խաղերուն ընդմէջէն փոքրիկները կը զարգացնեն իրենց երեւակայութիւնը, լսողութիւնը, ինքնավստահութիւնը, ինչպէս նաեւ` լեզուական, ֆիզիքական, հոգեկան, մտային եւ ընկերային կեանքի այլ հմտութիւններ: