Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ՝ Կիրակի, 27 Հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Համազգայինի տարեկան մշակութային ձեռնարկը «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ։ Ինչպէս միշտ, մշակութասէր հոծ բազմութիւն մը անհամբեր կը սպասէր այս հանդիսութեան։
Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգներուն կատարումէն ետք, վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Տեսիլ Տէր Աբրահամեան։ Ապա վարչութեան ատենապետուհի Լենա Մանուկեան ընթերցեց մասնաճիւղի նախկին ընկեր ողբացեալ Յարութիւն Իսհակի կենսագրական գիծերը եւ անդրադարձաւ անոր աշխոյժ գործունէութեան ՝յատկապէս թատերական ներկայացումներու ընթացքին անոր տաղանդաւոր դերակատարումներուն, նշելով անոր տարիներու կամաւոր ներդրումը։
Սրահին մէկ անկիւնը զարդարուած էր գեղեցիկ գեղանկարչութիւններով, որոնք նուիրուած էին Համազգայինի բարեկամի մը կողմէ եւ 3 գեղեցիկ փայտէ քանդակներ՝ բազմավաստակ քանդակագործ Վարուժան Մարտիրեանի ձեռքի աշխատանքներէն։
Արուեստագէտ Վարուժան Մարտիրեան բնակութիւն հաստատած էր Սան Ֆրանսիսքօ։ Անոր մահէն ետք, կնոջ եւ դուստրերուն փափաքով, իր իսկ ձեռքով կառուցած տունը Լիբանանի Այնճար գիւղին մէջ իր բազմատեսակ քանդակներով միասին ընտանիքը նուիրեց Այնճարի քաղաքապետարանին, զայն վերածելով «Վարուժան Մարտիրեան տուն թանգարան»ի, որուն բացումը կատարուեցաւ Սեպտեմբեր 2024-ին, Այնճարի 85-ամեակին առիթով։
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: