
«Ազդակ Օրաթերթ».- Ուրբաթ, 26 Փետրուար 2016-ին երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակին առիթով Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպած ընթերցանութեան մրցանքը: Հայկական տարբեր վարժարաններէ 27 աշակերտներ մասնակցեցան մրցանքին:
Յայտնենք, որ օրին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը Յարութիւն Քիւրքճեանի խմբագրութեամբ հրատարակած էր Լեւոն Մեսրոպի «Ֆրէտ Հարթման եւ Տատա Ռօսթէմ» վէպը: Գիրքը առաջին անգամ լոյս տեսած է «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ` 1937-էն սկսեալ: Անկէ ետք իբրեւ թերթօն հրատարակուած է «Ազդակ» օրաթերթին մէջ` 1988-89 թուականներուն:
2015-2016 կրթական տարեշրջանի վերամուտին գիրքը նուէր տրամադրուեցաւ հայկական վարժարաններու 10-րդ եւ 11-րդ կարգերու աշակերտութեան:
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամիս: Այս առիթով կազմուած է նաեւ դատական կազմ մը, որուն մաս կը կազմեն Յարութիւն Քիւրքճեան, Վերա Կոստանեան, Սարգիս Նաճարեան, Ժիրայր Դանիէլեան եւ Յովիկ Պերթիզլեան:
Գիրքի հրատարակութեան մեկենասութիւնը եւ մրցանքի հովանաւորութիւնը ստանձնած է «Սեպուհ Շահպազեան» ֆոնտը:
Մրցանքի ընթացքին, աշակերտները պատասխանեցին գիրքին բովանդակութեան հետ առնչուած 100 հարցումներու: