
5, 6 եւ 7 Ապրիլ 2022-ին, Լոնտոնի «Օլիմփիա» սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ միջազգային
գիրքի տօնավաճառը, որ գիրքի եւ գրահրատարակութեան ամէնէն հին ու ճանչցուած
փառատօներէն է եւ հիմնուած է 1971-ին: Այս տարի, «Գ. Կիւլպէնկեան»
հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ տօնավաճառին մէջ հաստատուած է հայկական տաղաւարը, որուն դարձեալ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Համազգայինի
«Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը` գործակցութեամբ Համազգայինի Լոնտոնի
մասնաճիւղին: Տաղաւարին մէջ կը ցուցադրուին նաեւ հայրենի եւ սփիւռքահայ այլ
հրատարակչատուներու եւ անհատ հրատարակիչներու գործեր: Համազգայինի
հրատարակչատունը այս ցուցահանդէսին կը մասնակցի հայերէն եւ օտարալեզու
հրատարակութիւններով: Նախատեսուած են նոր հրատարակութիւններու
ներկայացումներ:
8 Ապրիլին Լոնտոնի «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ տեղւոյն համայնքին համար,
Համազգայինի նախաձեռնութեամբ, յատուկ ձեռնարկով մը պիտի ներկայացուին
տաղաւարին մէջ ցուցադրուելիք բոլոր հրատարակութիւնները: