
«Հորիզոն».- 18 Հոկտեմբեր 2025-ին, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Վանգուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղը նշեց իր 44-ամեակը, հայ երգի, պարի եւ արուեստի նուիրուած ոգեշնչիչ եւ շքեղ ելոյթով, որ տեղի ունեցաւ Վանգուվըրի Հայ կեդրոնին Լազարեան սրահին մէջ, ներկայութեամբ բազմամարդ եւ խանդավառ հանդիսականներու։
Բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Գանատայի օրհներգներով, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հեղինէ Արամեան, որմէ ետք օրուան հանդիսավարները՝ Մեղրիկ Չափանեան եւ Անի Միսաքեան, հեզասահ կերպով առաջնորդեցին հանդիսատեսը ամբողջ երեկոյին ընթացքին, ներկայացնելով հարուստ եւ ճոխ յայտագիրը։
Յայտագիրը ընդգրկեց խմբերգներ, անհատական երգեցողութիւններ, բանաստեղծական արտասանութիւններ, կատարողութեամբ` «Մեսրոպ Մաշտոց» երգչախումբին, խմբավարութեամբ` Գէորգ Գատեհճեանի, ընկերակցութեամբ` դաշնակահար Լար Սիսեռեանի, ինչպէս նաեւ հայկական աւանդական պարեր, կատարողութեամբ` «Մասիս» պարախումբին, որուն պարուսոյցն է Փիւնիկ Պետրոսեան. տուտուկի հաճելի նուագակցութիւնը կատարուեցաւ տուտուկահարներ Նայիրի Բաբայեանի եւ Ռաֆֆի Չափանեանի կողմէ:
Յայտագիրը ճոխացաւ քաղցրաձայն սոփրանօ Ալիս Անդրանիկեանի եւ դաշնակահարներ Գրիգոր Սեմերճեանի եւ Այա Չափանեանի բացառիկ մսսնակցութեամբ, որոնք բեմին վրայ կենդանացուցին մեր ժողովուրդի ստեղծագործ ոգին։ Երեկոն ամէնուն համար եղաւ տաղանդի, նուիրումի եւ արուեստի վկայութիւն՝ ընդգծելով մեր կեանքին մէջ մշակոյթի մշտական տեղն ու իմաստը։
Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ բոլոր ուսուցիչներուն, պարուսոյցներուն, գեղարուեստական ղեկավարներուն, խմբավարներուն, կամաւորներուն եւ կազմակերպիչներուն, որոնց անսակարկ նուիրումը եւ համերաշխ աշխատանքը յաջողութեան հասցուցին այս գեղեցիկ ձեռնարկը։ Անոնց համագործակցութիւնը եւ նուիրումը դարձուցած էին երեկոն յիշարժան, ներշնչող եւ ոգեւորիչ փորձառութիւն մը՝ վկայութիւն հանդիսանալով համայնքի միասնական ոգիին եւ հայ մշակոյթի անմար ներկայութեան։
Վանգուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղը իր 44-ամեայ հանդիսութիւնը փակեց նոր եռանդով ու վճռակամութեամբ՝ շարունակելու դաստիարակել երիտասարդ սերունդները, որպէսզի մեր մշակոյթին եւ արուեստին ձայնը երբեք չլռէ, այլ հնչէ դարէ դար։
Ձեռնարկէն տպաւորուած եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւներ մասնաճիւղին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն։
Հանդէսի աւարտին, վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Չափանեան եւ փոխ ատենապետուհի Ազօ Մովսիսեան՝ շնորհակալութեան խօսք ուղղեցին եւ կատարեցին նուէրներու բաշխում։
