Կեդրոնական Վարչութիւն

Շաբաթ, 24 Յունիս 2023-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի շրջաններու քարոզչական աշխատանքի ներկայացուցիչներուն անդրանիկ ժողովը։ Մասնակիցները կը ներկայացնէին հետեւեալ շրջանները՝ Ռուսիա, Լիբանան, Կիպրոս, ԱՄՆ Արեւմտեան եւ Արեւելեան շրջաններ, Աւստրալիա, Պրազիլ, Յունաստան, Շուէտ, Գանատա, Անգլիա։
Մէկ ու կէս ժամուան վրայ երկարող հանդիպումին ընթացքին մանրամասնօրէն քննուեցան Համազգայինի քարոզչական մեքենան համակարգելու եւ լաւագոյնս իր նպատակին ծառայեցնելու զանազան միջոցները։ Հանդիպումները պիտի շարունակուին։ Համազգայինի ընկերային ցանցերու պատասխանատու Սէրուժ Ծառուկեան բացատրութիւններ տուաւ քարոզչական զանազան կարելիութիւններու եւ անոնց կիրարկման վերաբերեալ։ Յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 8 Յուլիսին։