
Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի «Կիլիկիա» երգչախումբի ելոյթը թագադրումը հանդիսացաւ Չորեքշաբթի, 3 Յունիս 2026-ի Քեսապի մշակութային օրուան։ Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, միութեան նոր կեդրոնի բացումին յաջորդեց «Կիլիկիա» երգչախումբի ելոյթը, որ տեղի ունեցաւ «Սարդարապատ» սրահէն ներս, քեսապահայերու եւ հալէպահայերու ներկայութեան։
Երգչախումբը ընդամէնը տասնհինգ օրուան տքնաջան աշխատանքէ ետք, ներկայացուց հայկական ժողովրդական, գուսանական, ազգային եւ արաբական երգերու գունեղ փունջ մը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի։
Համերգը վայելելու եկած էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, թեմի Ազգ․ երեսփոխանական ժողովի ներկայացուցիչը, Հոգշ․ Տէր Մանուկ Վրդ․ Պարիխանեան, Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ․ Տէր Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Գերյ․ Տէր Գառնիկ Ծ․ Վրդ․ Յովսէփեան, Պատկան Մարմինի, Համազգայինի Կեդրոնական, Շրջ․ եւ տեղական վարչութիւններու, Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան ներկայացուցիչներ, Քեսապի քաղաքապետը, միութիւններու ներկայացուցիչներ ու հրաւիրեալներ։
Նկատի ունենալով, որ Քեսապը պատառիկ մըն է պատմական Կիլիկիայէն, երգչախումբը համերգին բացումը կատարեց «Կիլիկիա» քայլերգով։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիլի Գազազեան, որ ըսաւ․«Այս գեղեցիկ պահը պարզապէս երաժշտական հանդիպում մը չէ, այլեւ հոգիներու հաղորդակցութիւն, սրտերու միութիւն եւ մշակոյթի տօնակատարութիւն. «Այսպիսի երեկոներ մեզ կը յիշեցնեն, թէ որքա՛ն կարեւոր է միասին մնալը, զիրար քաջալերելը եւ մեր մշակոյթն ու երգը կենդանի պահելը»։
Համերգը ընթացք առաւ ազգային, աշուղական այնուհետեւ ժողովրդական երգերով։ Յայտագիրի առաջին բաժինով հնչեցին «Եկեղեցին Հայկական», «Յիս Մի Ղարիպ Պլպուլի Պէս», «Յիս Քու Ղիմէթըն Չիմ Գիտի», «Քամանչա», «Ամպի Տակից», «Համբարձում Եայլա», «Ո՛վ Սիրուն, Սիրուն», «Պարտէզում Վարդ Էր Բացուել», «Զեփիւռի Նման» եւ Զիատ Ռահպանիէն արաբական երգերու շարան մը։
