
Չորեքշաբթի, 3 Յունիս 2026-ը ցնծալի եւ պատմական օր մը դարձաւ Քեսապի համազգայնականներուն ու համայն քեսապահայութեան համար. Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղը օժտուեցաւ նոր կեդրոնով։ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մերձակայքը գտնուող այս կառոյցը Համազգայինին տրամադրուած է «Երկիր-Մշակոյթ» Համազգային Կազմակերպութեան կողմէ։
Կեդրոնի բարեզարդման աշխատանքներու աւարտէն ետք, Չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր բացումը, հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ՝ «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան։
Բացման արարողութեան, սրբազան հօր կողքին, ներկայ էին նաեւ՝ Համազգայինի Կեդր․ եւ Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչները, «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Պատկան Մարմինի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփխ․ ժողովի ներկայացուցիչներ, Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգեշնորհ Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Գերյ. Տ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան, Քեսապի քաղաքապետը, միութիւններու ներկայացուցիչներ ու հրաւիրեալներ։
Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվա Գազազեան-Աշըգեան։ Ան ներկաները ողջունելէ ետք ըսաւ. «Համազգայինը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն ծաղկեցուց Քեսապի մշակութային կեանքը, սակայն մինչեւ օրս չունէր իր կեդրոնը։ Այսօր վերջապէս կ՚իրականանայ այդ երազը։ Մենք պաշտօնապէս կը կատարենք բացումը այս յարկին, որ պիտի ծառայէ նոր սերունդներուն եւ հանդիսանայ գիտելիքի, մշակոյթի ու համերաշխութեան նոր հարթակ»։
Ան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց այս ծրագրին սատարողներուն, յատկապէս՝ «Երկիր եւ Մշակոյթ» Համազգային Կազմակերպութեան, մաղթելով որ կեդրոնը դառնայ ջերմ օջախ մը, ուր կը ծնին նոր գաղափարներ ու յաջողութիւններ։
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ:
