Բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի պարարուեստի միաւորին, Հինգշաբթի, 10 Մայիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սաժես» թատերասրահին մէջ սկսան Համազգայինի «Քնար» պարախումբի տարեկան ելոյթները` ներկայութեամբ մեծաթիւ բազմութեան: Ելոյթը նուիրուած էր Համազգայինի «Քնար» պարախումբի նախկին պարուսոյց Ֆելիքս Յարութիւնեանին:
«Քնար» պարախումբի պարուսոյցն է Յովհաննէս Խաչիկեան: Պարախումբը երկու մասերով ներկայացուց հայկական ժողովրդային պարարուեստի գոհարներէն: Առաջին մասը հայկական հարսանիքի թեման կը կրէր, իսկ երկրորդը` խառն պարեր: Խումբը պարեց «Նինօ»-ն, «Շալախօ»-ն, «Շիրակ»-ը, «Սարերի հովին մեռնեմ»-ը, «Արցախ»-ը, եւայլն: Պարախումբը նաեւ պարեց արաբական պար մը:
Հանդիսութեան Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցը իր մասնակցութիւնը բերաւ երեք պարերով` «Ազգագրական», «Հայի աչեր» եւ «Սարդարապատ»:
«Քնար» պարախումբը իր այս տարուան անդրանիկ ելոյթով հանդիսատեսներուն պարգեւեց հայկական պարարուեստի բարձրորակ մթնոլորտ` լիբանանահայ պարարուեստի պատմութեան մէջ արձանագրելով նոր ոստում մը: