
Նախագահութեամբ պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Քնար» մասնագիտացած մասնաճիւղի վարչութեան, Չորեքշաբթի, 4 Յունիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Քնար» պարախումբի «Յաղթանակ» ելոյթը` ներկայութեամբ լիբանանահայ երեք համայնքներու հոգեւոր պետերուն, հոգեւորականներու, միութիւններու ներկայացուցիչներուն, կառոյցներու տնօրէններուն եւ արուեստասէր հայ թէ տեղացի հանդիսատեսներուն:
Հանդիսութեան սկզբնաւորութեան ներկաները դիտեցին «Քնար» պարախումբի աշխատանքներուն մասին ամփոփ տեսերիզ մը: Ապա ելոյթի առաջին արարին մասնակցողները ներկայացուցին «Կեներու կանչ», «Ուզունտարա», «Շալախօ», «Աշխարհումս», «Յաղթանակ», «Մուսա Լեռ», «Սարերի հովին», «Պեպոյի երգը» եւ «Բերդ» պարերը: Երկրորդ արարով ներկայացուեցան` «Պելլա չաու», «Մահի թանկօ», «Ռուսական պար», «Գնչուական պար», «Ռոք էնտ ռոլ», «Հնդկական պար», «Թռչէի մտքով տուն», «Վրացական պար» եւ «Քնար»-ի վեթերաններու կատարումով «Արմենիա»-ն, որ արժանացաւ ներկաներու ծափահարութիւններուն եւ ներկայացուց սերնդափոխութեան գաղափարը եւ պարախումբի անդամներուն կապուածութիւնը:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: