Շաբաթ, 16 Յուլիս 2016-ին Երեւանի մէջ կը սկսի Համազգայինի 22-րդ ուսանողական հաւաքը (ֆորում), որ համախմբումի իւրայատուկ առիթ կը հանդիսանայ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ուսանող հայ համալսարանականներուն` անոնց միջեւ կամրջում ստեղծելով, ազգային արմատներուն ու մշակութային ժառանգութեան հաղորդակից դարձնելով: Հաւաքին ընթացքին ուսանողները նաեւ առիթ կ’ունենան միտքեր փոխանակելու, քննարկումներ կատարելու, զիրենք յուզող հարցերուն մասին խօսելու, ծանօթանալու մէկզմէկու մտայնութեան:
Այս տարի Համազգայինի ուսանողական հաւաքին կը մասնակցին ուսանողներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն` Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն, Ֆրանսայէն, Կիպրոսէն, Շուէտէն:
15 յուլիսին Լիբանանէն Հայաստան մեկնեցան Լիբանանի եւ Սուրիոյ մասնակիցները, ինչպէս նաեւ հաւաքի պատասխանատու կազմը:
15 օրերու ընթացքին (Երեւան եւ Արցախ) համալսարանական երիտասարդները առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու Հայաստանին` իբրեւ զբօսաշրջական երկիր եւ իբրեւ հարազատ տուն, հանդիպելու հայրենի մտաւորականներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու հետ, պիտի լսեն պատմամշակութային նիւթերով դասախօսութիւններ, պիտի քննարկեն հայութիւնը յուզող խնդիրներ:
Աւելի քան երկու տասնամեակ յատուկ առաքելութեամբ ուսանողները իր շուրջ համախմբող Համազգայինի ուսանողական հաւաքը բաղկացած է երեք հիմնական ուղղութիւններէ. առաջին` զբօսաշրջական, երկրորդ` այցելութիւն այնպիսի վայրեր, ուր պարզ զբօսաշրջիկ մը չի կրնար երթալ, ինչպէս` զօրամաս, պետական համալսարան, խորհրդարան, մանկատուն, երրորդ` խմբային աշխատանքի դրութիւն: