
Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպութեամբ, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի 95-ամեակի Լիբանանի հանդիսութեան եզրափակիչ ձեռնարկը:
Ներկայ էին` հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը եւ իրենց ներկայացուցիչները, նախկին ու ներկայ նախարարներ եւ երեսփոխաններ, պետական պաշտօնեաներ, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու բարձրագոյն եւ Լիբանանի մարմիններու ներկայացուցիչներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անձնակազմը, ուղեկից միութիւններ, Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչներ, լիբանանահայ մշակութային, կրթական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու տնօրէններ, արուեստագէտներ, համազգայնականներ եւ Համազգայինի բարեկամներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի անձնակազմէն Իզապէլ Տիարպի, որ յայտնեց, թէ 2023 տարուան ընթացքին հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ արժանաւորապէս նշուեցաւ Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակը: Այս առիթով կազմակերպուեցան` յոբելենական ձեռնարկներ, գիրքերու շնորհահանդէսներ, մշակութային բարձրորակ ձեռնարկներ եւ արուեստի գործերու ցուցահանդէսներ: Ան աւելցուց, որ յոբելենական հանդիսութիւններու շարքը տակաւին պիտի շարունակուի 2024 թուականին: