Համազգայինի շարժապատկերի տարեկան 14-րդ Նուռ փաոատօնը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 13-17-ին, Թորոնթոյի մէջ։ Քաղաքին տարածքին երեք սրահներու մէջ ցուցադրուեցան 50 ժապաւէններ՝ աւելի քան տասնեակ երկիրներէ։
Շարժապատկերի հազարաւոր սիրահարներ եւ բարեկամներ, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր կողմերէն շարք մը բեմադրիչներ ներկայ եղան 2019-ի փառատօնին, որ նուիրուած էր Համազգայինի Թորոնթոյի Գլաձոր մասնաճիւղի 50-ամեակին (մասնաճիւղը հիմնուած է 1969-ին)։ Շարժապատկերի 14-րդ Նուռ փառատօնը նաեւ նոր մրցանիշ մը կոտրեց, երբ շարք մը ժապաւէններու տոմսերը սպառեցան ցուցադրութեան թուականներէն առաջ։
Այս տարի Համազգայինի մշակութային առցանց բեմը՝ h-pem-ը նշանակուեցաւ Նուռ փառատօնին մամլոյ պաշտօնական գործակիցը։ Փառատօնին 5 օրերուն ընթացքին 50 կարճ, երկար եւ վաւերագրական ժապաւէններ լուսարձակի տակ առնուեցան h-pem-ի ընկերային ցանցերուն վրայ, ներառեալ՝ Instagram (@hpemonline) եւ Facebook (facebook.com/hpemonline)։ H-Pem-ի վրայ կենդանի սփռուեցան (live stream) Արեւմտահայաստանի նուիրուած քննարկում մը, որուն մասնակցեցան հեղինակ Մաթիւ Քարանեան, շարժապատկերի բեմադրիչ Անի Յովհաննիսեան եւ հետախոյզ Սթիւըն Սիմ, ինչպէս նաեւ` փառատօնին եզրափակիչ մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան “Armenia Uncovered” ժապաւէնի բեմադրիչ Էնտի Սայմըն եւ ժապաւէնին աստղը՝ կատակաբան-երաժիշտ Գեւ Օրքեան։
«Շարժապատկերի Նուռ փառատօնին նման նախաձեռնութիւններ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն ինծի նման հայ երիտասարդ բեմադրիչներու համար», ըսաւ լոս անճելըսաբնակ բեմադրիչ Տիգրան Ներսիսեան, որուն “Out of Mind” կարճ ժապաւէնը Գանատայի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուեցաւ 16 Նոյեմբերին։ «Նաեւ շատ բախտաւոր ենք, որ ունինք h-pem-ի նման հարթակներ, ուր մեր տքնաջան աշխատանքը կարելի է հասանելի դարձնել բոլորին», ըսաւ ան՝ խօսելով h-pem-ի մասին։ Փառատօնին ամբողջ ընթացքին իւրաքանչիւր ժապաւէնի սկիզբը ցուցադրուեցաւ h-pem-ի նպատակը եւ բնոյթը բացատրող 1 վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզ մը։
Այս տարուան իրադարձութեան նախօրեակին h-pem հրապարակեց փառատօնին եւ անոր մաս կազմող կարգ մը ժապաւէններու նուիրուած 4 յօդուածներ։ Փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Արազ Հասըրճեան բացատրեց, թէ ի՛նչ պէտք էր ակնկալել այս տարուան փառատօնէն, մինչ այլ անդամ մը՝ Դոկտ․ Ռուպինա Շնորհօքեան ներկայացուց փառատօնին 14 տարուան պատմութիւնը։ H-Pem-ի ծրագրաւորումի օգնական պատասխանատու Լիլի Թորոսեան լուսարձակի տակ առաւ Քարլա Քէքէճեանի “Harsneren” վաւերագրական կարճ ժապաւէնը, իսկ բովանդակութեան պատասխանատու խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեան՝ Անի Յովհաննիսեանի “The Hidden Map” ժապաւէնը եւ Մաթիւ Քարանեանի “The Armenian Highland” գիրքը։
«Նուռ փառատօնը հիմնուած է արհեստավարժ խումբ մը հայ երիտասարդներու կողմէ, զորս զիրար կապողը շարժապատկերի եւ մշակոյթի սէրն է։ Անիկա գաղութային իւրայատուկ իրադարձութիւն մըն է, որ կը պանծացնէ հայկականութենէ ներշնչուած ժապաւէններ։ Փառատօն մը, որ իր տեսակին մէջ ամէնէն ծաւալունն է Սփիւռքի մէջ։ Նուռ փառատօնը կը մէկտեղէ հայկական եւ գանատական մշակոյթներու յարիր նիւթերով ժապաւէններ, զորս կը ստանայ աշխարհի տարբեր կողմերէն, եւ զանոնք ցուցադրելով կը ստեղծէ հարթակ մը, ուր հայ գաղութն ու հայ նորափթիթ տաղանդներ կը շաղուին իրարու հետ», կը նշէ Հասըրճեան՝ յատուկ h-pem-ի համար գրած իր յօդուածին մէջ։
Նուռ փառատօնին մեկնարկէն, 2006-էն, ի վեր ցուցադրուած են աւելի քան 450 ժապաւէններ՝ աւելի քան 60 երկիրներէ։ Փառատօնը կը գոյատեւէ շնորհիւ խումբ մը նուիրեալ կամաւորներու անխոնջ ճիգերուն։