Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) երկամեայ Երիտասարդական կապերու ծրագիրը այս տարի իրականացաւ Նոյեմբեր 4-ին, Եէյլ համալսարանին մէջ։ Միօրեայ իրադարձութիւնը ընդգրկեց դասախօսութիւններ, զեկոյցներ եւ քննարկումներ իրարմէ բոլորովին տարբեր նիւթերու շուրջ, ինչպէս՝ բնասպիտներ (protein), արբանեակներ, Միջին Արեւելքի քաղաքականութիւն եւ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններ։ Առաւօտեան դասախօսութիւններու աւարտին Համազգայինի առցանց բեմի օգնական ծրագրաւորումի պատասխանատու (Assistant Project Manager) Լիլի Թորոսեան տեսողական միջոցներով ներկայացուց h-pem-ը, որ նոր եւ թարմ շունչով լուսարձակի տակ կ՚առնէ հայ մշակոյթն ու արուեստները՝ միաժամանակ զարկ տալով աշխարհատարած հայերու միջեւ մշակութային փոխյարաբերութիւններու։
Նախքան h-pem-ը ներկայացնելը, օրուան սկիզբը Թորոսեան ծանօթացաւ ծրագիրին մասնակցող խումբ մը հայ երիտասարդներու, որոնք սովորականէն տարբեր ինքնութիւններու խճանկար մը կը կազմէին։ Անոնց շարքին էին բժշկագիտութեան ուսանող մը, որ Թորոնթօ ծնած էր, ապրած էր Քըննեթիքըթի մէջ եւ ուսումը կը շարունակէր Քարայիպեանի մէջ, Պրաուն համալսարանէն խառն ինքնութեամբ ճարտարագիտութեան ուսանող մը, որ առանց շեշտի արեւելահայերէն կը խօսէր, հիւանդապահութեան դոկտորայի թեզը պաշտպանող ուսանող մը, որ քանի մը տարի առաջ Լիբանանէն գացած էր Արեւելեան Ամերիկա, կրթական մարզէն շրջանաւարտ մը՝ Սուրիայէն, եւայլն։ Անոնք հազիւ 10 առ հարիւրը կը կազմէին համալսարանական տարիքի աւելի քան 60 մասնակցողներուն, որոնք եկած էին Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի տարբեր շրջաններէն, սակայն հայելին էին երիտասարդական այս համախմբումին դիմագիծին։
Թորոսեան բեմը ներկայացնելէ ետք ներկաները հրաւիրեց միանալու h-pem-ի ծրագիրներուն՝ ընձեռելով տարբեր ընտրանքներ, ինչպէս՝ արձանագրուիլ իբրեւ գործօն այցելու (active user), բովանդակութիւն յղել կամ դառնալ բեմի դեսպան։ Թէեւ ներկայացման աւարտին ժամանակը անբաւարար էր հարց-պատասխանի համար, սակայն բազմաթիւ մասնակցողներ մօտեցան Թորոսեանի եւ իրենց խանդավառութիւնը յայտնեցին ի տես նման նոր աղբիւրի մը, որ հայկական ինքնութեան նրբերանգները կ՚արտացոլէ նորարար մօտեցումներով։ Յիշատակելի էր Նիւ Եորքէն այն երիտասարդը, որ ընդհանրապէս հեռու էր հայ գաղութէն, սակայն չէր կրնար թաքցնել իր խանդավառութիւնը՝ ի տես բեմին նպատակներուն եւ ձգտումներուն։ «Ի վերջոյ գոյութիւն ունի կայք մը, ուր պիտի ուզէի այցելել, դերակատար դառնալ անոր մէջ եւ աւելին յայտնաբերել հայկական ինքնութեանս վերաբերեալ», կ՚ըսէր ան։ Նոյն գիշերը նոյնպիսի արտայայտութիւն մը ունեցաւ այլ երիտասարդ մը։
Բազմաթիւ մասնակցողներու համար յատկապէս հաղորդական էր h-pem-ի այլազան եւ ընկալող մօտեցումը ինքնութեան եւ պատկանելիութեան հարցերու նկատմամբ, հաւանաբար որովհետեւ անոնք անհատական մակարդակի վրայ կապ մը կը զգային բեմին բնոյթին եւ իրենց պատկանելիութեան տարբեր երանգներուն միջեւ։ Օրուան ընթացքին երկու անձեր տարբեր պահերու նշեցին, թէ բեմին մասին լսած են իրենց մէկ բարեկամէն՝ Շիքակոյի մէջ h-pem-ի դեսպան Կարին Պետեանէն։ Այլ մասնակցող մը փափաքեցաւ գեղարուեստական նիւթեր յղել բեմին, ուրիշ մը Թորոսեանի հետ խորհրդակցեցաւ աշխատակցութեան մասին, նոյնիսկ՝ կարծիքներ փոխանակուեցան հաւանական նիւթերու առնչութեամբ։
Թորոսեանի վկայութեամբ՝ իրադարձութիւնը արդիւնաւէտ եւ խոստմնալից էր h-pem-ի համար։ «Հաճելի էր հանդիպիլ նման տաղանդաւոր եւ աշխոյժ հայ երիտասարդներու», ըսաւ ան։ «Անհամբեր եմ տեսնելու, թէ մեր քննարկումներէն ի՛նչ պիտի ծնի, թէ՝ ինչպէ՛ս h-pem-ի գոյութեան լուրը պիտի հասնի այլ շրջաններու մէջ բնակող հայ երիտասարդներու»։