ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ
Երկուշաբթի, 12 Օգոստոս 2024-ին, «Համազգային»-ի Ա.Մ.Ն Արեւելեան Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնած երկու շաբթուան «Փեթակ» պատանեկան ճամբարը, ուր տեղի ունեցաւ St. Raphaela Center, Haverford, Pennsylvania։ Ատենապետուհի Յասմիկ Աբրահամեան, ատենադպիր՝ Մարուշ Բանեան եւ խորհրդական Վարդիվառ Քէշիշեան ականատես եղան օրուան զանազան հաճելի գործունէութիւններուն, որոնց միջոցաւ առանց անդրադառնալու 10-14 տարեկան պարմաններն ու պարմանուհիները կը սորվէին իրենց մայրենի լեզուն։ Շրջանային Վարչութիւնը խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ ճամբարին պատասխանատուներուն՝ իրենց սիրալիր հիւրասիրութեան եւ հայեցի մանկավարժութեան եւ հայապահպանման հանդէպ անխոնջ նուիրումին համար: