
Մելպուրնի Համազգային «Կոմիտաս» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Մեսրոպ Մաշտոց Մատթէոսեան վարժարանի կազմը եւ օրուան ձեռնարկի յանձնախումբը միասնաբար կազմակերպեցին ճոխ գեղարուեստական երեկոյ մը, Գարաուադա Գոլէճի հանդիսասրահին մէջ:
Օրուան յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մելպուրնի Զուարթնոց Երգչախումբը, գաղութի տաղանդաւոր արուեստագէտ, արուեստագիտուհիները՝ իրենց նուագներով, ասմունքներով, երգերով եւ հայկական նազպարով:
Օրուան բեմավարը, պատշաճօրէն յարգանքի խօսք ուղղելէ ետք հիւրերուն, օրուան բարերարուհիին, Կեդրոնի վարչութեանց ներկայացուցիչներուն եւ ներկաներուն, ապա անդրադառնալէ ետք Համազգայինի դերին՝ հիմնադրութենէն մինչեւ օրս, անցաւ յայտագրի գործադրութեան: Յաջորդաբար կարդացուեցան Համազգայինի հակիրճ պատմականը, ինչպէս նաեւ՝ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Հայաստանի հանրապետութեան Նախագահի շնորհաւորական խօսքերը, ուղղուած Համազգայինի 90-ամեակին:
Մելպուրնի Զուարթնոց երգչախումբը, ընդառաջելով մեր հրաւէրին իր մասնակցութիւնը բերաւ, ներկայացնելով Կոմիտասի, Թ. Ալթունեանի, Խ. Աւետիսեանի եւ Յովհաննիսեանի ստեղծագործութիւնները: Մեսրոպ Մաշտոց Մատթէոսեան վարժարանի աշակերտուհիները մասնակցեցան «Ծաղկած Բալենի» նազպարով, ասմունք՝ Գէորգ Էմինի «Սասնայ Պարը», նաեւ նուագներ՝ ջութակով, դաշնամուրով, մեներգներ՝ «Բարի Արագիլ», «Պիտի Գնանք», «Կռունկ», «Դու Իմ Մուսան Ես» եւ արտասանութիւն «Հայու Ոգին»:
Վարչութեան Ատենապետուհին իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց նախ հիւրերուն եւ ներկաներուն, ապա՝ ձեռնարկի բոլոր մասնակիցներուն, գնահատելով զանոնք, զորս իրենց տաղանդներով վերապրեցուցին Հայ մշակոյթը Մելպուրնի գաղութէն ներս:
Տէր Խաչեր Քհն. Յարութիւնեան իր սրտի խօսքը տալէ ետք Պահպանիչով փակեց ձեռնարկը:
Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ գնահատեցին ձեռնարկը:
Բարի երթ Համազգային դէպի նորանոր 90-ամեակներ:
Զվիկ