
7 Յուլիս 2023-ին Երեւանի «Եւրոպա» պանդոկի դահլիճին մէջ կայացաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական հաւաքի (ֆորում) բացման արարողութիւնը։
Մասնակիցները ողջունեցին եւ հաւաքի բացումը ազդարարեցին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Արտաշէս Շահբազեանը, Արեւիկ Գաբրիէլեանը, Արա Գէորգեանը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Սպարտակ Ղարաբաղցեանը, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը, Համազգայինի Ռուսիոյ մասնաճիւղի ատենապետ Արթուր Փայտեանը եւ նոյն մասնաճիւղի անդամ Բալիկ Գալէմքերեանը։
Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն հաւաքին մասնակիցները ծանօթացան Համազգայինի աշխարհասփիւռ եւ բազմաճիւղ գործունէութեան։
Պաշտօնական բացումէն ետք ֆորումի մասնակիցները պտոյտ կատարեցին Երեւանի մէջ, իսկ անկէ ետք տեղի ունեցաւ բարի գալուստի ընթրիք։
Շաբաթ, 8 Յուլիսին ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Երեւանի Ազգագրական-ժողովրդական արուեստներու թանգարան, որմէ ետք՝ Չարենցի կամար, Գառնի, Քարերու սիմֆոնիա եւ Գեղարդ։ Նոյն օրուան երեկոյեան՝ ընկերային մթնոլորտի մէջ ունեցան մտերմիկ ընթրիք։
Կիրակի, 9 Յուլիսին ֆորումականներու առաւօտեան այցելութիւնը եղաւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, ուր իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Արցախի ազատագրական պայքարի ընթացքին, 2016-ի քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմներուն նահատակուած հերոսներուն։ Ապա այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի բարձրունք՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Նոյն վայրին մէջ ծանօթացան Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած թանգարանին։ Ապա անոնք ուղղուեցան Սարդարապատ, ուր ծանօթացան տեղւոյն թանգարանին։
Համահաւաքի օրերուն սփիւռքահայ ուսանողները պիտի այցելեն Երեւանի պետական համալսարան, Մատենադարանը, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարան, ԹՈՒՄՕ, տարբեր թանգարաններ, պիտի լսեն դասախօսութիւններ` «Հայկական ճարտարապետութիւն», «Ազգային նուագարաններ» եւ այլ նիւթերու շուրջ։
Ֆորումը մասնակիցները պիտի այցելեն նաեւ Գիւմրի՝ ճանչնալու Հայաստանի մշակութային քաղաքը իր տեսարժան ու պատմամշակութային վայրերով։
Այս տարի 7-19 Յուլիսի երկարող Համազգայինի ուսանողական հաւաքին կը մասնակցին սփիւռքի տարբեր գաղութներէ՝ Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Գանատայէն, Միացեալ Թագաւորութիւններէն, Աւստրալիայէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ Արցախէն 15 հայ երիտասարդներ։
Ծրագիրի 13 օրերուն ընթացքին համալսարանական երիտասարդները առիթ պիտի ունենան հանդիպելու հայրենի մտաւորականներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու հետ, պիտի լսեն պատմամշակութային նիւթերու շուրջ դասախօսութիւններ, իրենց հասակակիցներու հետ պիտի քննեն ժամանակակից հայ երիտասարդները յուզող տարաբնոյթ խնդիրներ։
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական հաւաքը Համազգայինի աւանդական ծրագիրներէն է։ Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ուսանող հայ համալսարանականներ համախմբելու, ազգային արմատներուն եւ մշակութային ժառանգութեան հաղորդակից դարձնելու, ազգային յանձնառութիւններ ներարկելու նախաձեռնութիւն է։