
95-ամեակն է Համազգային Հայ կրթական եւ Մշակութային Միութեան։
35 -ամեակն է Արցախի շունչով ապրած ու գործած, արցախցի Վահան Նաւասարդեանի անունը կրող Համազգայինի Լաթաքիոյ մասնաճիւղին։
Արցախցի հրապարակախօս Վահան Նաւասարդեան Արցախէն դէպի համայն հայաշխարհ հաստատ կամքով, ուժեղ հաւատքով հայ մարդու, հայ լեզուի կենդանութեան ամուր հիմքերը մխրճեց հայ կեանքին մէջ, վառ ճրագով լուսաւորեց Համազգայինի օճախը, յատուկ դրոշմով մը կնքելով հայ մշակութային միութեան հիմնադրութիւնը։ Այնուհետեւ Համազգայինի Սուրիոյ Լաթաքիոյ մասնաճիւղը օժտուեցաւ «Վահան Նաւասարդեան» անունով 1988 թուականին ու վառ պահեց իր ջահը, մշակութային կեանքի կորիզ մը կազմելով խումբ մը նուիրական ընկեր ընկերուհիներու աջակցութեամբ։
Արդարեւ, 24 Նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան «Արարատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Համազգային Մշակութային Միութեան 95-ամեակի եւ Լաթաքիոյ «Վ. Նաւասարդեան» մասնաճիւղի 35-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը։
Հանդիսութեան ներկայ էին Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեան եւ անդամ Արա Մութաֆեան, հիւր բանախօս Պարգեւ Աւագեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ Աւօ Կարպուշեան, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ տոքթ. Մինաս Պալեան, Յարաբերական Մարմնի անդամ Յարութ Գաբրիէլեան, ազգային, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ։