
Շաբաթ, 19 Յուլիս 2025-ին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին կից գտնուող «Յովնանեան հիմնադրամ»-ի շէնքի սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 30-րդ ուսանողական հաւաքի (ֆորում) բացման արարողութիւնը:
19-31 Յուլիս երկարող Համազգայինի ուսանողական հաւաքին կը մասնակցին սփիւռքի տարբեր գաղութներէ` Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Գանատայէն, Աւստրալիայէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն, Պրազիլէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ Արցախէն 28 հայ երիտասարդներ:
Հաւաքին բացումը կատարեց ֆորումի ընդհանուր պատասխանատու Տօնիկ Տօնապետեանը, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց արդէն իսկ 30 տարիներէ ի վեր անընդմէջ գործադրուող այս ծրագիրին նպատակը, անոր ծաւալած գործունէութիւնը` յատկապէս շեշտը դնելով այս տարուան ծրագիրին վրայ, որուն մէջ յատկանշական են 30-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները, դասախօսական հարուստ օրակարգը, ինչպէս նաեւ` մշակութային բազմազան ուղղութիւնները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն տարբեր երկիրներէ հայրենիքի մէջ համախմբուած ուսանողները:
Մասնակիցները ողջունեցին եւ հերթաբար խօսքեր արտասանեցին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը, անդամներ` Արեւիկ Գաբրիէլեանը, Տիգրան Պապիկեանը, Արտաշէս Շահբազեանը, մտաւորական Տիգրան Ճինպաշեանը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ֆորումի հիմնադիր սերունդէն Շուշիկ Արսլանեանն ու Սեդա Սիմոնեանը, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը: Ընդհանուր գիծերու մէջ լուսարձակի տակ բերուեցան` նման հաւաքի կազմակերպման կարեւորութիւնը, Համազգայինի այս նախաձեռնութեան 30 տարիներու երթն ու կերտուած յիշատակները, ձեռք բերուած փորձառութիւններն ու ապագային եւս զայն շարունակելու հրամայականը:
Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն հաւաքին մասնակիցները ծանօթացան Համազգայինի աշխարհասփիւռ եւ բազմաճիւղ գործունէութեան:
Պաշտօնական բաժինին յաջորդեցին հաճելի պահեր` «Նուպար» ազգագրական երգ ու պարի համոյթին հետ, իսկ անկէ ետք հաւաքին մասնակիցները միացան «Սիզընզ փարք»-ի մէջ կազմակերպուած ազգագրական պարի փառատօնին` ուս ուսի պարելով ճոխ մթնոլորտի մէջ:
Կիրակի, 20 Յուլիսին ֆորումին մասնակիցները այցելեցին Գառնի եւ Գեղարդ: