
Կիրակի, 8 Փետրուար 2026-ին, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը մշակութային յայտագիրով իր մասնակցութիւնը բերաւ «صدى الألفة» խորագիրը կրող ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր «سوري وبس» խումբին կողմէ՝ Հալէպի Մշակոյթի տնօրէնութեան համագործակցութեամբ եւ «Violet» կազմակերպութեան աջակցութեամբ, Հալէպի պետական ազգային մատենադարանէն ներս (دار الكتب الوطنية)։
Հայկական պարով հանդէս եկան Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի «Սարդարապատ» պարախումբի անդամներ եւ «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբի պարուսոյցներ՝ Լիլիթ Նալպանտեանն ու Ալիսիա Լախոյեանը, ինչպէս նաեւ՝ մասնաճիւղի էսդրատային նուագախումբի մեներգող Արգինա Շէօհմէլեանը։
Պարի եւ երգի գեղեցիկ կատարումներով անոնք հայկական մշակոյթը ներկայացուցին հանդիսատեսներուն։
