
Աւստրալիոյ Համազգային Նուպար Խաչատուրեան Թատերախումբ Մասնաճիւղը հանդէս եկաւ իր երկրորդ թատերական ելոյթով՝ «Սառած Մարդը» խորագրով, հեղինակութեամբ Կարօ Խաչիկեանի եւ հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեանի:
«Zenith» դահլիճէն ներս թատերասէր հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր Շաբաթ 14 Մայիս 2016-ի երեկոյեան երկու տարբեր ժամերու ներկայացման: Առաջինը կ.ե. ժամը 4.30-ին, իսկ երկրորդը երեկոյեան ժամը 7.30-ին:
Ներկայ էին «Դրօ» Առանձնակի Կոմիտէի ներկայացուցիչը, Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը, Կոլսթըն Ճեմարանի տնօրէնը, զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ թատերասէր հոծ հասարակութիւն մը:
Երկու տարբեր ժամերու ներկայացումները սկսան ճիշդ որոշուած ժամերուն: Բացման խօսքը կատարեց Ազնիւ Ինկիլիզեան եւ նշեց որ անցեալ անգսմ պատշաճ էր ներկայացնել ողբերգութիւն՝ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առիթով, սակայն այս անգամ յարմար տեսան կատակերգութիւն՝ մանաւանդ այս օրերու կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու համար, գէթ մի քանի ժամ: Ներկայացումը անմիջապէս որ սկսաւ արդէն ներկաներու բարձրաձայն խնդուքն ու ծիծաղը կ'արձագանգէր սրահէն ներս, ուր հանդիսատեսը պահ մը մոռցած էր իր օրուան հեւքն ու հոգերը:
Կ'արժէ նշել որ մինչեւ օրս ներկայացուած թատերախաղերուն չեն եղած այսքան մեծ թիւով մասնակցող երիտասարդներ ու պատանիներ: Անհաւատալի երեւոյթ էր այս. 20-25 թիւով աշխոյժ երիտասարդներ համախմբել եւ յաջողութեան թափնիով պսակել: Ընկհ. Ազնիւ Ինկիլիզեան Թատրոնի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց թատրոնի յանձնախումբին եւ դերակատարներուն իրենց նուիրած ժամերուն եւ անկեղծ ներդրումին համար: Ան բեմ հրաւիրեց անցեալի վաստակաւոր դերասանուհի ընկհ. Լուսի Վարպետեանը իւրաքանչիւր մասնակցողի գնահատական յանձնելու համար:
Համազգային Նուպար Խաչատուրեան Թատերախումբը թէ՛ իր հիմնական դերասաններով եւ թէ նոր երիտասարդներով ահաւասիկ անգամ մը եւս յաջողեցաւ արձանագրել փայլուն արդիւնք, ինչպէս արդէն նշմարելի էր իւրաքանչիւր հանդիսատեսի դէմքին վրայ երեւցող ժպիտէն՝ երբ անոնք կը մեկնէին սրահէն: