
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Ֆիլատելֆիոյ մասնաճիւղը կազմակերպեց «Մեղրի» պարախումբի եւ «Ախթամար» երգչախումբի ամավերջի նուագահանդէսը, մասնակցութեամբ հռչակաւոր դաշնակահար Սէրուժ Գրաճեանի: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 19 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ էին գաղութի հոգեւոր հայրերը, վարժարանի Քոյրերը եւ մօտ 200 հանդիսականներ:
Նուագահանդէսը սկսաւ Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգներով՝ կատարողութեամբ Համազգայինի «Ախթամար» երգչախումբին, խմբավարութեամբ Շրջանային Վարչութեան ատենադպրուհի ընկհ. Մարուշ Բանիեան Նայկանին, որուն յաջորդեց մասնաճիւղի ատենապետուհի Լօրիկ Պարոնեանի խօսքը:
Ան այս առթիւ նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Համազգայինի մշակութային եւ կրթական առաքելութեան եւ աշխատանքներուն Սփիւռքի եւ ներկայիս Հայաստանի մէջ, որուն այսօր նպաստընկալներն են Արցախի տեղահանուած մանուկները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ Հայ աշակերտները:
Յայտագիրը ճոխ էր եւ հմտօրէն կազմակերպուած, ելոյթները եղան իրարայաջորդ եւ ընթացան առանց յապաղումի: Մեղրի պարախումբը սկսաւ «Էջմիածին» պարով, որ կը ներկայացնէ հնամեայ պաշտամունքի արարողութիւն, ապա՝ «Հայաստան» պարը: Յարութ Գէօսէեան ելոյթ ունեցաւ երեք ազգային երգերով: Ան խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծելով ներկաները մասնակից դարձուց ազգագրական երգերուն: Այսպէս՝ յաջորդաբար հանդէս եկան «Մեղրի»ն, ապա «Ախթամար» երգչախումբը չորս երգերով: Յայտագրի առաջին բաժինը աւարտեցաւ Մեղրիի երեք պարերով: «Մամա» պարը նուիրուած էր բոլոր մայրերուն, «Փափուռ»-ի աւանդական գիւղական պարը, որ կը պատկերացնէ չար ոգիներու հալածանքը եւ Քոչարի աւանդական պարը, որ կը ներկայացնէ երիտասարդ տղոց առնականութեան մուտքը:
Առանց ընդմիջումի սկսաւ յայտագրին երկրորդ բաժինը: Ընկհ. Լօրիկ ներկայացուց օրուան դաշնակահար, երաժիշտ եւ երգահան Սէրուժ Գրաճեանը: Ան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, դաշնամուրի ուսումը ստացած է Լիբանանահայ դաշնակահար-երգահան Պօղոս Ճելալեանէն, ապա փոխադրուելով Գանատա երաժշտական ուսումը շարունակելով, աւարտած է «University of Toronto Faculity of Music»-ը, ստանալով Պսակաւոր Արուեստի Դաշնակահարի տիտղոսը: Ան շեշտեց, որ Սէրուժի երաժշտական նուաճումները աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ կարելի պիտի չըլլայ թուել այսօր: Արդարեւ՝ ան արժանացած է զանազան մետալներու եւ իր յաջողութիւնները ներկայիս կը շարունակուին ամէնուրեք: Ընկհ. Լօրիկ ներկայացնելէ ետք Սէրուժ Գրաճեանը հրաւիրեց բեմ, որպէսզի սկսի համերգը:
Դաշնակահարը այս առթիւ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին եւ ներկաներուն եւ Համերգը սկսաւ նուագելով դասական երաժշտութիւն, Rachmaninoff, Tango, Aznavour եւայլն, ապա Հայերէն Առնօ Պապաջանեան, Սարերի Աղջիկ, Զարթիր Լաօ եւայլն: Ան նուագահանդէսը աւարտեց «Կիլիկիա» երգով. Դաշնակահարը ունկնդիրներէն խնդրեց, որ միասնաբար երգեն «Կիլիկիա»ն: Հանդիսատեսները ոտքի երգեցին բոլորին սրտին մօտիկ այս երգը. պատկերը միանգամայն յուսատու էր եւ յուզիչ, ցոյց կու տար հայուն աննկուն նկարագիրը, ահաւասիկ հայը կրնայ պահպանել իր ուրոյն մշակոյթն ու ինքնութիւնը հակառակ դէմ յանդիման գտնուելուն ներկայի դժուարին պայմաններուն:
Ներկաներու փուռն ծափահարութիւնները շարունակուեցան բաւականին երկար, սրահը կը թնդար, ձեռնարկի յաջողութիւնն ու գնահատանքը բոլորին ժպտուն դէմքերուն վրայ շօշափելի էր:
Ընկհ. Լօրիկ իր փակման խօսքին մէջ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, իրենց առատաձեռն նիւթական օժանդակութեան համար: Նմանապէս այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր հովիւներուն, Քոյրերուն, համազգայնականներուն եւ բարեկամներուն, որոնք միշտ իրենց ներկայութեամբ կը քաջալերեն Համազգայինի աշխատանքները: Ան բեմ հրաւիրեց երգիչը, պարուսոյցները, պարախումբի պատասխանատուն, երգչախումբի խմբավարը, դաշնակահարը եւ Սէրուժ Գրաճեանը, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որմէ ետք «Մեղրի»-ի պարմանուհիները գեղեցիկ ծաղկեփունջ նուիրեցին իւրաքանչիւրին: Հանդէսը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ: