Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի ճարտարապետներու պալատին համագործակցութեամբ 15 Հոկտեմբեր 2024-ին տեղի ունեցաւ համահայկական գիտաժողով`«Յովհաննէս Քաջազնունին ճարտարապետ» խորագիրով։
Գիտաժողովին բացման եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր ճարտարապետ Մկրտիչ Մինասեան, որ կարեւոր համարեց հայկական ճարտարապետութեան ասպարէզի մէջ Յովհաննէս Քաջազնունիի դերն ու այդ ոլորտին մէջ անոր ձգած ժառանգութիւնը։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին համագործակցութեան համար եւ յոյս յայտնեց, որ անիկա շարունակական պիտի ըլլայ։
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան (ԿՎ) ողջոյնի խօսքը ներկաներուն ուղղեց ԿՎ-ի անդամ Արտաշէս Շահպազեան` շեշտելով Քաջազնունիի դերը ոչ միայն հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ, այլեւ` որպէս իւրայատուկ ձիրքով օժտուած ճարտարապետի, մտաւորականի։
Խօսք ըսաւ նաեւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան։
Ալ.Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարանի անունով ներկաներուն ողջունեց տնօրէն Զարուհի Հայրապետեան։
Առաջին նիստը կը նախագահէր ճարտարապետութեան թեկնածու, փրոֆեսոր Էմմա Յարութիւնեան։
Զեկուցումներով հանդէս եկան Համազգայինի Պէյրութի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի նախկին տնօրէն, մանկավարժ Տիգրան Ճինպաշեան, ճարտարապետութեան դոկտոր Լոլա Դոլուխանեան, ճարտարապետութեան դոկտոր, փրոֆեսոր Աշոտ Գրիգորեան, պ.գ.թ., փրոֆեսոր Գէորգ Ստեփանեան, ճարտարապետութեան թեկնածու Սարհատ Պետրոսեան։
Երկրորդ նիստը, Սարհատ Պետրոսեանի նախագահութեամբ, բացուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, ճարտարապետ Արա Գէորգեանի խօսքով (Լիբանան)։ Ան ներկայացուց Յովհաննէս Քաջազնունին որպէս ճարտարապետական տեսլականով քաղաքական գործիչ, շեշտելով որ ան թէ՛ քաղաքական դաշտին մէջ, եւ թէ ճարտարապետութեան ասպարէզին մէջ կառուցող էր, յառաջադէմ եւ բծախնդիր։
Զեկուցումներով հանդէս եկան նաեւ ճարտարապետութեան թեկնածու, փրոֆեսոր Էմմա Յարութիւնեան, ճարտարապետ֊ հետազօտող Ռուզան Քուրթանճեան, ճարտարապետութեան դոկտոր, փրոֆեսոր Մարիեթթա Գասպարեան եւ ճարտարապետութեան դոկտոր, փրոֆեսոր Լիւպա Կիրակոսեան։
Համազգայինի Երեւանի գրասենեակ