
Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ գործող Հայագիտութիւն մագիստրոսական կրթական ծրագիրը նպատակ ունի ձեւաւորել հայագիտութեան տարբեր ոլորտներու մէջ մասնագիտացած գիտակրթական մարդուժ եւ պատրաստել մասնագէտներ, որոնք պիտի կարենան արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալել թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ:
Ծրագիրին նպատակներուն, բովանդակութեան եւ շրջանաւարտներուն համար առկայ կարելիութիւններուն մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ ունենալու համար Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին կողմէն հարցազրոյց կատարուած է կրթական ծրագիրի մշակող եւ համակարգող, Հայոց պատմութեան ամպիոնի փրոֆեսէօր, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Արման Եղիազարեանին եւ ծրագիրի առաջին տարուան մագիստրոսի ուսանող Վահան Մանճիկեանին հետ:
