Վահէ Սէթեան տպարան

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածին, երկրորդ տարին ըլլալով «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, Երեքշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2014-ին տեղի ունեցաւ հայաստանեան հրատարակութիւններու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը, ինչպէս նաեւ` Համազգայինի հրատարակութիւններու զեղչ-վաճառքը:
Այս ցուցահանդէսին կը մասնակցին նաեւ Պոլիսէն եւ Լիբանանէն հայկական հրատարակչատուներ` իրենց հաւաքածոներով: