
Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին կազմակերպած եւ «Հայաստանի Արդի Գրականութիւն» նիւթին նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 11 Յունուար 2026-ին, Համազգայինի «Արիս Սթամպօլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ։
Ձեռնարկին ներկայ էին Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Չուխաճեան, համազգայնականներ, մշակութասէրներ, գրասէրներ, արուեստագէտներ եւ համակիրներ։
Ընկերային ջերմ ու մտերմիկ պահէն, ետք Գրական միաւորիս անդամ Արթիւր ջերմ ողջոյններով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յարգելի բանախօսին։ Ան շնորհաւորեց բազմիցս մրցանակակիր Վազգէն Վանատուրը, նշելով մրցանակներէն մի քանին։ Վերջերս, Վանատուր արժանացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գրական մրցանակին։ Ներկաները ծափողջոյններով մասնակից դարձան շնորհաւորանքին։
Ապա Սիրքէճեան հրաւիրեց Գրական միաւորիս անդամ Սեդա Մարթիր Մարտիրոսեան, ներկայացնելու յարգարժան բանախօսին կենսագրականը։
