
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ հովանաւորութեամբ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի, Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի երիտասարդ արուեստագէտներու «Ես եմ» ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը` «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հալա Հատտատ: Ան ըսաւ, որ Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակը երիտասարդ ստեղծագործողներու առաջին քայլերուն հաստատուն ընթացք հաղորդելու եւ իրենց գեղարուեստական որոնումներուն ասպարէզ տալու ակնկալութեամբ, ապրիլ 2017-ին նախաձեռնած է «Ես եմ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսի իրականացման: Հայաստանի տարբեր շրջանները ներկայացնող երիտասարդ արուեստագէտներ հանդէս եկած են իրենց ստեղծագործական ներաշխարհով եւ տեսլականով, կերպարուեստի մէկ եւ ընդհանրական լեզուով խորհրդակցելու համարձակ միտումով: Հալա Հատտատ յայտնեց նաեւ, որ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը նպատակայարմար գտած է նոյն ցուցահանդէսը կազմակերպել նաեւ Լիբանանի մէջ եւ այս առիթով ներկայացնել նոյն խումբէն ութ արուեստագէտներ` համոզուած ըլլալով, որ լիբանանահայ արուեստասէր հանրութիւնը մեծապէս պիտի գնահատէ այս նախաձեռնութիւնը եւ իր քաջալերանքով յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանայ նշեալ արուեստագէտներու ստեղծագործական երթին:
Երիտասարդ արուեստագէտներու խումբէն Լիբանան եկած Գայեանէ Աւետիսեան եւ Արսէն Յարութիւնեան յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին: Գայեանէ Աւետիսեան ըսաւ, որ իրեն համար շատ կարեւոր է պատշաճօրէն ներկայանալի ըլլալ նաեւ սփիւռքի հայրենակիցներու համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի թէ՛ Երեւանի գրասենեակին, թէ՛ Լիբանանի կառոյցին` յոյս ունենալով, որ կապը սփիւռքի արուեստասէր հասարակութեան հետ շարունակական ըլլայ: