
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, օրհնութեամբ լիբանանահայ երեք համայնքապետներուն, բարերարութեամբ Պէզիքեան ընտանիքին, Ուրբաթ, 27 Փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Լոյսով` լոյսին» խորագիրով Հայաստանի «Կամերային պետական նուագախումբ»-ի համերգը, նուիրուած` Անի Պէզիքեանի յիշատակին:
Համերգին ներկայ էին հոգեւոր պետեր, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ներկայ եւ նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ եւ մեծաթիւ արուեստասէրներ:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Միրա Եարտըմեան, որ նշեց, թէ յիշողութիւնն ու յոյսը, ժառանգութիւնն ու նորարարութիւնը միաւորող այս համերգը արտայայտութիւնն են մեր մշակութային եւ հոգեւոր միակամութեան: Ան աւելցուց, որ այս համերգը նուիրուած է Անի Պէզիքեանին, որ կը յիշատակուի ո՛չ թէ լռութեան մէջ, այլ` երաժշտութեան ճամբով, ոչ թէ ստուերի մէջ, այլ` փայլքով: Այս առիթով Համազգայինի անունով խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Պէզիքեան ընտանիքին, գլխաւորութեամբ Ալէքքօ Պէզիքեանին, որուն անսասան նուիրուածութեան ու առատաձեռնութեան շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել տուեալ համերգը:
