Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Լիբանանահայութիւնը հարազատ երգին ու երաժշտութեան իր ծարաւը յագեցուց Շաբաթ, 6 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` աւելի քան երկու ժամ վայելելով տաղանդաւոր երգահան ու երաժիշտ, հայաստանեան եւ սփիւռքեան երաժշտական մարզին մէջ իր ուրոյն դրոշմն ու արժէքը, պատգամն ու խորքայնութիւնը ունեցող Ռոպերթ Ամիրխանեանը: