
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի, 18 Նոյեմբերին, Վէն Նայս քաղաքի «Էրթէլ Փլազա» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական տարազներու ցուցադրութիւն՝ կատարողութեամբ մասնաճիւղի հովանին վայելող «Նայիրի» պարախումբին:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Մարալ Վարժապետեան, որ պարզեց ձեռնարկին նպատակն ու էութիւնը: Իր կարգին, վարչութեան ատենապետուհի Մարալ Դարբինեան շնորհակալութեան եւ երախտագիտական իր խօսքերուն կողքին, վեր առաւ հայ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման ի խնդիր մասնաճիւղի տարած աշխատանքները եւ մեծապէս գնահատեց «Նայիրի» պարախումբի անդամներն ու յատկապէս անոր ծնողներուն եւ պարուսոյցներուն գուրգուրանքն ու զոհաբերութիւնը: Ապա յայտագիրի Ա. բաժինի հանդիսավար Մարալ Վարժապետեան իւրաքանչիւր տոհմիկ տարազի ցուցադրութեան ընթացքին տուաւ անոր յատուկ լուսաբանութիւնները: Յաջորդաբար ներկայացուեցան՝ ուրարտական շրջանէն պտղաբերութեան դիցուհին իր տարազով, Բագրատունեաց հարստութենէն Գորանդուխտ թագուհին, Ռուբինեանէն՝ Զապէլ իշխանուհին (Լեւոն Մեծագործի դուստրը), Լուսինեան շրջանէն՝ Մարիան թագուհին, Սեբաստիայէն՝ հարսանեկան տարազ մը, Ակնէն եւ Սասունէն՝ մէկական նորահարսեր, Զէյթունէն՝ կին մը, Տարօնէն՝ երիտասարդ մը, Կեսարիայէն՝ հայուհի մը, Շատախէն՝ հայ աղջիկ մը ու տղայ մը, Վանէն՝ գիւղական տարազ, Խարբերդէն՝ հայուհի մը, Կարինէն՝ կին մը, Թաւրիզէն եւ Երեւանէն՝ հայուհիներ եւ, վերջապէս, հայ ժողովուրդի պաշտպան ֆետայի մը: Ապա հանդիսավար Անէթ Կիւրեղեան անգլերէնով ներկայացուց յայտագիրի Բ. բաժինը, ուր փոքրերու եւ մեծերու արդիական եւ նորաձեւ զգեստներ ցուցադրուեցան, եւ որոնց աւարտին ներկայացուեցան հարսանեկան զանազան զգեստներ եւ յատկապէս հայկական տոհմիկ հարսանիք մը՝ իր պատմական բնոյթով, տեսքով եւ տարազով: