
Շաբաթ 7 Սեպտեմբեր 2019-ին– տեղի ունեցաւ Հայկական Ֆիլմերու Փառատօնին պաշտօնական բացումը Նորթ Րայտ Շօփինկ Սէնթըրի ԻՎԷՆԹՍ շարժապատկերի սրահին մէջ, կազմակերպուած Համազգայինի Շանթ Մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ: Ընդհանուր պատասխանատուներ՝ Մակի Չէրքէզեան-Չէյթըր եւ Հուրի Մարտոյեան-Տէմիրճեան:
Հանդիսութեան ներկայ էին Նիւ սաութ Ուէյլզի նահանգապետուհի Գլատիս Պէրէճիքլեան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայացուցիչ Արժ Տէր Նորայր Աւագ Քահանայ Բաթանեան, նախարար Վիքթոր Տոմինէլլօ եւ Հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները ինչպէս նաեւ հայ եւ ոչ հայ հրաւիրեալներ եւ հիւրեր:
Ցուցադրուեցաւ Լորիկ ֆիլմը, հետաքրքրական նիւթով, առնչուած երեւակայութեան եւ պատրանքի (fantasy): Խօսք առաւ նահանգապետուհին: Ֆիլմերու փառատօնը սկսաւ 6 Սեպտեմբերին Շարլ Ազնաւուրի ինքնակենսագրութեամբ: Շաբթուան ընթացքին, լեցուն սրահներով, ցուցադրուեցան զանազան հայկական եւ կամ Հայ բեմադրիչ կամ հեղինակ ունեցող ֆիլմեր: Ասոնցմէ եզակի ֆիլմ մըն էր «Մենք Եգիպտահայեր ենք» վաւերագրական ֆիլմը, բեմադրութեամբ Ուահիտ Սոպհիի, ֆիլմարտադրիչ՝ Հանան Էզզաթ: Եգիպտահայոց մասին այնպիսի վկայութիւններ կային այնտեղ, որ առանց այս երկու երիտասարդ արաբ արուեստասէրներուն կարելի պիտի չըլլար զանոնք կորուստէ փրկել: Այսպիսի ֆիլմեր պէտք է հայկական բոլոր գաղութներու մէջ պատրաստուին այլապէս տարիներն ու դարերը իրենց փոշին կը դնեն անոնց վրայ եւ արժէքաւոր պատմութիւն ու ժառանգ կորուստի կրնան ենթարկուիլ: Փակման հանդիսութեան (15 Սեպտեմբեր) Նահանգապետուհին դարձեալ ներկայ էր: Ցուցադրուեցաւ ֆիլմարտադրիչ Րաֆֆի Դանիէլեանի «Armenia Uncovered» վաւերագրական ֆիլմը ներկայացուած հանրածանօթ Գեւ Օրքեանի կողմէ բեմադրութեամբ աւստրալահայ Անտի Սայմընի:
Հայկական ֆիլմերու փառատօնը գովեստի արժանի հայանպաստ հսկայ աշխատանք է. ձեռնարկ մը, որ հայուն թէ ոչ հայուն կը ծանօթացնէ հայկական սինեմարուեստը եւ մեր պատմութիւնը, մեր հայրենիքի բարգաւաճումը ինչպէս նաեւ աւստրալահայ համայնքն ու անոր արժէքները: Իւրաքանչիւր ֆիլմէ ետք տեղի ունեցող հարց-պատասխանի յատկացուած նիստերը մեծ նպաստ բերին հայը հայուն ինչպէս նաեւ ոչ հայուն ծանօթացնելու գործընթացին: Բարեկամութիւններ մշակուեցան եւ համատեղ աշխատանքի առիթներ բացուեցան: Առաջին անգամ ըլլալով, Փառատօնը այս տարի տեղի ունեցաւ Մելպուրնի մէջ 18-20 Հոկտեմբերին:
Նշան Պասմաճեան