
Երկուշաբթի, 8 Յունուար 2024-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կիպրոսի Կազմի Վարչութեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Վահրամ Իւթիւճեան» սրահէն ներս, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, տեղի ունեցաւ նուագավար եւ երաժշտագէտ Հայկ Սրկ. Իւթիւճեանի պարգեւատրումը Համազգայինի շքանշանով, ձեռամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Զաքար Քէշիշեանի:
Ներկայ էին Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանը, Արժ. Տ. Մաշտոց եւ Տ. Մոմիկ Քհնյ. Հայրերը, Պետական Ներկայացուցիչ՝ Պրն. Վարդգէս Մահտեսեանը, Ազգային Իշխանութեան եւ գաղութի կազմակերպութիւններու ատենապետներ, անդամներ եւ գաղութի բազմաթիւ անդամներ։
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի բացման խօսքէն ետք Սեպուհ Դաւիթեան ներկայացուց Հայկ Սրկ. Իւթիւճեանի կեանքն ու բեղուն գործունէութիւնը, յատկապէս՝ հայկական միջնադարեան մատենագրութեան եւ խազագրութեան մասին անոր ուսումնասիրութիւններն ու հրապարակումները: Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը ու կատարեց շքանշանի տուչութիւնը, որմէ ետք Հայկ Իւթիւճեան արտասանեց իր սրտի խօսքը:
Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցան հանրաճանաչ երգչուհի Սոնա Կարկալոյեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիլիա Դանիէլեան-Խաչատրեանի, Կոմիտասէն երեք երգերով: Վերջաւորութեան ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Սիփան» պարախումբէն եռեակ մը «Ուզունդարա» պարով:
Երեկոն աւարտեցաւ Գերշ. Սրբազան Հօր փակման խօսքով ու «Պահպանիչ» աղօթքով: Յաջորդեց՝ համեստ հիւրասիրութիւն մը:
Լրիւ ձեռնարկը առցանց սփռուեցաւ Gibrahayer EMagazine - Կիպրահայեր Էջին միջոցաւ: