
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ. եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի, Ուրբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած գիրքի պատրաստութեան միջդպրոցական մրցանակաբաշխութիւնն ու գիրքի շնորհահանդէսը: Յայտնենք, որ գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ «Սեպուհ Շահպազեան» ֆոնտին:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի Տէրտէրեան:
Ան յայտնեց, որ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպած միջդպրոցական մրցանքին մասնակցող լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող այս հրատարակութիւնը կը համախմբէ 21 խորագիրներ, որոնց ընդմէջէն մեր աշակերտութիւնը կը շօշափէ Հայոց ցեղասպանութեան հետ առնչուած նիւթեր: Կը ներկայացնէ պատմական Հայաստանի կամ Կիլիկիոյ տարածքներէն գիւղեր, քաղաքներ: Կը նկարագրէ հայ ժողովուրդի կենցաղային իւրայատկութիւններն ու աւանդները: Կը բացատրէ, թէ առօրեային մէջ ինչպէ՛ս կը դրսեւորուի մեր ազգային պատկանելիութիւնը եւ մեր ժողովուրդի ապագայ երթին նկատմամբ աշակերտներու ցուցաբերած հաւատքը: Կը պատասխանէ այն հարցումին, թէ հայկական ինքնութեան պահպանումը որքանո՛վ հիմք կը ծառայէ մեր ազգային պահանջատիրական երթին: Հայ աշակերտը կը ներկայացնէ իր հարցերն ու տագնապները, ինչպէս նաեւ հայկական արժէքներու նկատմամբ իր ունեցած հետաքրքրութիւններն ու տածած յարգանքը: